Քեսապի հարցով զեկոյց Քանատայի խորհրդարանի մէջ

By Asbarez | Thursday, 10 April 2014

 

Հինգշաբթի, 3 Ապրիլին, Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան եւ Քանատայի առաջնորդարանի Կառավարական յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Յակոբ Արսլանեան Քեսապի հարցով Քանատայի խորհրդարանէն ներս ունեցան շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին Քանատայի վարչապետ Սթիւըն Հարփըրի խորհրդարանական քարտուղար երեսփոխան Փօլ Քալանտրայի եւ պաշտօնական ընդդիմութեան արտաքին Գործոց քննադատ՝ երեսփոխան Փօլ Տիուըրի հետ:


Քանատայի խորհրդարանին մէջ հանդիպումներ կայացան նաեւ խորհրդարանականներու հետ: Հանդիպումներու ընթացքին հան-գամանօրէն քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին շարք մը կարեւոր քաղաքական նախաձեռնութիւններ: Բոլոր խորհրդարանականները անխտիր իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին ու մասնաւորաբար Քանատահայութեան:

Նոյն օրը, յետմիջօրէին, հայկական պատուիրակութիւնը ներկայացաւ Քանատայի խորհրդարանի Մարդկային Իրաւանց ենթայանձնաժողովի նիստին (Subcommittee on International Human Rights of the Standing Committee of Foreign Affairs and International Trade): Այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ Քեսապի հարցը: Պատուիրակութիւնը պահանջեց Քանատայէն անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել քեսապահայութեան (Քանատայի 353 միլիոն տոլար նպաստի գումարէն, որ սահմանուած է Սուրիոյ տագնապէն տուժածներուն) եւ կառուցողական դիւանագիտութեամբ վերջ տալ Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն: Նիստին, հարցումներու պատասխանելու ընթացքին, Ռուբէն Գույումճեան ըսաւ. «Շատ յստակ է, որ Թուրքիան վարժ է միշտ իր քաղաքական ներքին ճգնաժամէն շեղելու համար միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը, իր սահմաններէն դուրս լուծումներ կը փորձէ գտնել: Այս պարագային, Սուրիոյ հետ շինծու պատճառներով պատերազմ ստեղծել է: Հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս թիրախ կը դառնայ Թուրքիոյ լկտի քաղաքականութեան: Կը պահանջեմ, որ Քանատան զգաստութեան հրաւիրէ ՆԱԹՕի իր դաշնակից Թուրքիան»:


comments

Advertisement