Անգարան զայացած է

By Asbarez | Friday, 11 April 2014


ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Ճափոն այցելող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին որդեգրած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին մասին հարցումի մը՝ անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ նման բանաձեւեր վնաս կը հասցնեն Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններուն ու կոչ ըրաւ հայկական Սփիւռքին ու խորհրդարանական յանձնախումբերուն, որ դար մը առաջ տեղի ունեցած եւ «գիտականօրէն չփաստուած» հարց մը քաղաքական նպատակներու համար չշահագործեն:


Ըստ անոր՝ Ծերակոյտի յանձնախումբը իր լիազօրութիւններէն դուրս քայլ մը առած է՝ նման բանաձեւ մը վաւերացնելով, եւ թէ Անգարա «հայ-թրքական երկխօսութեան միջոցով կը ջանայ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած 1915ի ողբերգական իրադարձութիւններու արդար յիշողութեան հասնելու հնարաւորութիւնը ուսումնասիրել»՝ կրկնելով «պատմական միացեալ յանձնաժողով» մը կազմելու կարեւորութիւնը:

Միաժամանակ, ան կոչ ըրած է Ուաշինկթընին, որ ամերիկա-թրքական դաշինքն ու գործընկերութիւնը ամրապնդուի», որովհետեւ ներկայի հանգամանքներուն մէջ այդ մէկը աւելի կարեւոր է, քան «երկկողմանի յարաբերութեանց վնաս հասցնող նման բանաձեւերու» վաւերացումը:

Ըստ Տաւութօղլուի՝ բանաձեւը շատ հաւանաբար չվաւերացուի Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ:


comments