Հայկական ցեղասպանութիւնը պիտի դասաւանդուի Քալիֆորնիոյ մէջ

By Asbarez | Friday, 11 April 2014


ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի Կրթական յանձնախումբը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է երեսփոխան Ատրին Նազարեանի ներկայացուցած թիւ 1915 բանաձեւը, որ կը պահանջէ Հայկական Ցեղասպանութեան դասանիւթը ներառել պետական վարժարաններու 7-12 դասարաններու ընկերային գիտութեանց նիւթի դասաւանդութեանց մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ընէ Քալիֆորնիոյ կրթական նախարարութեան, որ Ցեղասպանութեան մասին հրատարակութիւններ կատարէ եւ դասաւանդման նիւթեր պատրաստէ:

Այժմ բանաձեւը պիտի քննուի խորհրդարանի Յատկացումներու յանձնախումբին կողմէ:

Բանաձեւը ներկայացնելու ընթացքին, Նազարեան շեշտեց պատմութեան այս էջը աշակերտութեան դասաւանդելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը նախընթաց մը հանդիսացած էր այլ ցեղասպանութիւններու համար:

Բանաձեւին գլխաւոր համահեղինակ Խաչօ Աշաճեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական յանձնախումբի ատենապետուհի Ալիս Պետրոսեան եւ նոյն յանձնախումբի վարչութեան անդամ Քէյ Մուրատեան, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի Կրթական հարցերու յանձնախումբի անդամներ Ճօէն Պիւքենըն եւ Ռաքի Չաւեզ բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցան, մինչ թրքական ծագումով ներկայ մը անոր դէմ արտայայտուեցաւ:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բանաձեւի վաւերացումին նպաստած անձնաւորութեանց, գլխաւորութեամբ՝ Նազարեանին ու Աշաճեանին:


 


 


 


comments

Advertisement