«Օպաման իր անձնական տեսակէտը ունեցած է ցեղասպանութեան շուրջ»

By Asbarez | Friday, 11 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Ապրիլ 10ին վաւերացուած եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին: «Մենք կը ճանչնանք, յստակօրէն կը ճանչնանք պատմական փաստը եւ կը սգանք կորուստը 1.5 միլիոն հայերու, որոնք Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն տեղահանուած եւ սպաննուած են: Այս զարհուրելի իրադարձութիւնները յանգեցուցած են 20րդ դարու վատթարագոյն վայրագութիւններէն մէկուն, եւ Միացեալ Նահանգները կ՛ընդունի, որ այդ իրադարձութիւնները կը շարունակեն մեծ ցաւ պատճառել հայ ժողովուրդին եւ զոհերու ժառանգորդներուն, ինչպէս նաեւ այն բոլորին, որոնք կը կիսեն համամարդկային հիմնարար արժէքները», նշած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին:
Լրագրողը միաժամանակ յիշեցուցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կապակցութեամբ նախագահ Պարաք Օպամայի չկատարած խոստումը, որուն Փսաքի պարզապէս հետեւեալ պատասխանը տուած է. «Գիտեմ, որ նախագահի թեկնածու եղած ժամանակ Օպաման իր անձնական տեսակէտը ունեցած է այս հարցին շուրջ, որ կը նշուի նաեւ անցեալ տարի Սպիտակ տան տարածած յայտարարութեան մէջ: Համոզուած եմ, որ նոր յայտարարութիւններ կ՛ըլլան այս ամսուան վերջաւորութեան»:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Փսաքի նշած է, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ իր ջանքերը երկու երկիրներուն հետ՝ «յորդորելով համատեղ աշխատիլ պատմական փաստերու լիակատար, ազնիւ եւ արդարացի ընդունման» համար, որովհետեւ նման քայլ մը պիտի նպաստէ ամբողջ Կովկասի մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճման:

 

comments