By Asbarez | Monday, 14 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայկական Կարմիր Խաչ ընկերութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ օրերուն պիտի սկսի դրամահաւաքի ծրագիր մը, որուն նպատակն է օգնութիւն տրամադրել Քեսապէն տեղահանուածներուն: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայկական Կարմիր Խաչ ընկերութեան երիտասարդական բաժինի ղեկավար Կատարինա Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ դրամահաւաքի աշխատանքները պիտի համակարգէ ընկերութեան պաշարներու զարգացման խումբը:
«Մենք պլանաւորում ենք օգնել ոչ միայն քեսաբահայերին, այլեւ առհասարակ Քեսաբից տեղահանուածներին: Դրամահաւաքը կը կազմակերպուի տարբեր ճանապարհներով», յայտնած է Վարդանեան: Անոր համաձայն՝ ընկերութիւնը արդէն դիմած է հայաստանեան բջիջային ընկերութիւններուն, մասնաւոր հատուածի այլ ներկայացուցիչներու՝ դրամահաւաքին իրենց մասնակցութիւնը ունենալու առաջարկով:
«Ունենք փողոցում դրամահաւաքի համակարգ, մեր կամաւորների խմբի անդամները շուտով փողոց են դուրս գալու յատուկ ուղերձով», բացատրած է երիտասարդական բաժինի ղեկավարը: Հայկական կարմիր խաչի ընկերութիւնը հաւաքուած գումարները պիտի տրամադրէ Սուրիոյ Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան, որ, Վարդանեանի համաձայն՝ ունի Քեսապէն տեղահանուած եւ Լաթաքիա ու այլուր բնակութիւն հաստատած մարդոց մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւն:
«Կարմիր մահիկը մեր օգնութիւնը տեղ կը հասցնի, եւ այսպէս են մեր կարմիր խաչական մեծ ընտանիքի անդամները իրար հետ համագործակցում», ընդգծած է ընկերութեան ներկայացուցիչը՝ յիշեցնելով, որ Հայկական Կարմիր Խաչ ընկերութիւնը սուրիահայերուն առնչուած լուրջ ծրագիրներ կը գործադրէ, քանի որ իրենք պետութեան օժանդակող մարդասիրական կազմակերպութիւն են, նաեւ՝ միջազգային շարժման անդամ:
«Մեր քոյր ազգային ընկերութիւնները բաւական ներդրում են ունեցել եւ այժմ էլ շարունակում են աջակցութիւնը սննդով եւ այլ պարագաներով», աւելցուցած է ան։ Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան նպատակներէն մէկն է նաեւ օժանդակել Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայերուն՝ փոքր առեւտուր կատարելու համար։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan