Դամասկոսի Հայկական վարժարան մը կը ռմբակոծուի

By Asbarez | Tuesday, 15 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանի Ս. Տիեզերաց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից «Փարոս» վարժարանին վրայ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 15ին 2 հրթիռ ինկած է. անոնց պայթումէն աշակերտ մը զոհուած է. կան նաեւ վիրաւոր աշակերտներ եւ ուսուցիչներ:


Վիրաւորները տեղափոխուած են Դամասկոսի ֆրանսական հիւանդանոցը: Բացի մարդկային վնասներէն, վարժարանը, անոր կից գտնուող բնակարաններն ու այլ վարժարաններ նիւթական վնասներ կրած են: Ընդհանուր առմամբ, վիրաւորներուն թիւը 60է աւելի եղած է:

Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի Դամասկոսի թղթակից Մոսիկ Ինճեճիկեան կը հաղորդէ, որ վիրաւոր երկու հայ աշակերտներն են Նարեկ Մարաշլեանն ու Յակոբ Խտըրլարեանը, իսկ ուսուցչուհիները՝ Սիլվա Լուլէճեան եւ Ֆրասուազ Տէօշօղլանեան: Վիրաւորուած է նաեւ վարժարան այցելող Ռուպա Արիսեանը:


comments

Advertisement