Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Ձեռնարկէ Սփիւռքի Հայութեան Մարդոյժի Ցանկագրումին

By Asbarez | Sunday, 14 August 2011

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան համար վերջին տարիներուն համազգային նշանակութիւն ունեցող կարեւոր ծրագիր մը եղած էր Սփիւռքի մէջ մեր ունեցած մարդոյժին յստակացումը ու ցանկագրումը: Այս ուղղութեամբ վերջերս յանձնախումբ մը գոյացած էր ու լծուած աշխատանքի: Յանձնախումբը արդէն իսկ պատրաստած է իր ծրագիրը ու ճշդած աշխատանքին յառաջիկայ հանգրուանները:

Սոյն ծրագիրին նպատակն է՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ ունենալ Սփիւռքի մեր մարդոյժի մանրամասն ու ամբողջական պատկերը: Բնականաբար, մարդոյժ ըսելով կը հասկցուին ընկերութեան կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս գործող ու ծառայող անձերը (ուսուցիչ, տնօրէն, բժիշկ, համալսարանի դասախօս, գիտնական, ճարտարապետ, ճարտարագէտ, տնտեսագէտ, մտաւորական, հանրային գործիչ, հեղինակ, քաղաքագէտ, եւլն.): Այս ուղղութեամբ յատուկ էջ մը հաստատուած է՝ http://www.armeniancatholicosate.org: Հարկ է որ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տրուին հոն գտնուող հարցաթերթիկին ամբողջացումով:

Մեր թելադրութիւնն է որ առաւելագոյն չափով առաջնորդարաններու, կառոյցներու ու անհատ ազգայիններու կողմէ լայն տարածում գտնէ այս նախաձեռնութիւնը, որպէսզի կարենանք յատկապէս պայմաններու բերումով հայ կեանքէն հեռու մնացած մեր մարդոյժը ներառել այս հաւաքական աշխատանքին մէջ:

Սիրելի՛ հայրենակից,

Մարդոյժը ազգի մը, ընկերութեան մը ներքին ուժականութեան, ստեղծագործ ոգիի ու փայլուն ապագայի տեսիլքն է։ Հայ Սփիւռքը հարուստ է իր մարդոյժով։ Սակայն, սփիւռքի մարդոյժին ամբողջական պատկերը տակաւին չունինք։ Ահա այս աշխատանքին է լծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութիւնը ու քաջալերանքը վայելող այս ծրագիրին նպատակն է՝ տեղեկութիւններ հաւաքել Սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս գործող ազգայիններուն (մտաւորականներ, ուսուցիչներ, փաստաբաններ, համալսարանի դասախօսներ, գիտական մասնագիտութեանց տէր անձեր, հասարակական գործիչներ, եւլն.) մասին։ Այս ծրագիրը կը նկատենք խիստ կարեւոր եւ անյետաձգելի։ Հետեւաբար, պիտի խնդրենք, որ անյապաղ լեցնէք կցեալ հարցաթերթիկը եւ ուղարկէք մեզի։ Գործնական պատճառներով այս հարցաթերթիկը պիտի ըլլայ անգլերէնով։

Պիտի թելադրենք, որ սոյն հարցաթերթիկը

(http://www.armeniancatholicosate.org) նաեւ ուղարկէք ձեր բարեկամներուն, որպէսզի առաւելագոյն չափով տարածում գտնէ այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը։

ԴԻՒԱՆ՝ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

comments

Advertisement