Հալէպի մէջ՝ծայր աստիճան անապահովութիւն կը տիրէ

By Aleppo press office | Wednesday, 16 April 2014

16 Ապրիլ 2014ին ուշ ժամերէն սկսեալ զինեալ խմբաւորումներ տասնեակներով հրասանդեր արձակեցին Հալէպի յատկապէս Թէլէֆոն Հաուաի, Սուլէյմանիէ, Ազիզիէ եւ նորգիւղ շրջաններուն վրայ։ Ուշ ժամերուն հրաձգութեան, պայթող արկերու, հրասայլերու, ուղղաթիռներու, թնդանօթներու եւ բախումներու ձայները լարուած վիճակի մէջ պահեցին Հալէպի բնակչութիւնը մինչեւ առաւօտ։

17 ԱՊՐԻԼ 2014 առաւօտեան երկրաշարժի ուժգնութեամբ երեք պայթիւններ ցնցեցին քաղաքը, լրատուամիջոցներ յայտնեցին, թէ անոնք հետեւանք էին Սէիտ Ալի, Սէքէնէթ Հէնէնօ եւ Հին Հալէպ շրջաններուն մէջ եղած պայթիւններուն։

Վաղ առաւօտեան պայթումներէն ետք Հալէպը բոլորովին այլ կացութեան մէջ յայտնուեցաւ:Պատերազմական վիճակ է Հալէպի մեծաթիւ շրջաններու մէջ:Հայաբնակ կարգ մը շրջաններ ինչպէս Նոր Գիւղ եւ Սիւլէմանիէ համարեա՛ ամայութիւն է:Հիմնական բախումներ տեղի կ՚ունենան Աղիօլ, Պապ Ալ Հատիտ եւ Սէքէնէթ Հանանօ շրջաններուն մէջ:

Միւս կողմէն օժանդակութեան աշխատանքները կը շարունակուին, սննդամթերք եւ կենցաղային պիտոյքներու կողովներ կը բաժնուին, վիրաւորներ կը փոխադրուին եւ հիւանդանոցներու մէջ վիրաւորներու այցելութիւն կը կատարուի:

Ցարդ արձանագրուած է մէկ վիրաւոր` Կարօ Աւագեան (1966ի ծնունդ), որ վիրաւորուած է Ճապրիէի շրջանին մէջ:

 


comments

Advertisement