Կարօ Մանճիկեան «Սքայփ»ի միջոցաւ Քեսապէն նորութիւններ փոխանցեց

By Asbarez | Wednesday, 16 April 2014


ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9ին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Քարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ կայացած հանրային հաւաքին ընթացքին, Լաթաքիոյ մէջ Քեսապէն տեղահանուած հայութեան օժանդակող մարմինի անդամ Կարօ Մանճիկեան «Սքայփ»ի միջոցաւ տեղեկութիւններ փոխանցեց շրջանի հայութեան:


Քեսապի վերջին իրադարձութիւններով մտահոգ հարիւրաւոր հայորդիներ ներկայ էին հաւաքին, որուն ընթացքին ՀՅԴի, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի, Լոս Անճելըսի Քեսապի կրթասիրաց միութեան եւ Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինի ներկայացուցիչները եւս ելոյթներ ունեցան:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութենէն Վահէ Լեփեճեան՝ ըսելով, թէ հաւաքը կարեւոր է Քեսապի մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար, յատկապէս՝ նկատի ունենալով Քեսապի իրադարձութեանց շուրջ համացանցի վրայ նկատուող ապատեղեկատուական արշաւը: Ան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց համացանցային ընկերային ցանցերուն միջոցով Քեսապի հարցը լուսարձակի տակ պահելու նպատակով սկսած «#SaveKessab» արշաւին մասին:

Իր կարգին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան Քեսապի վրայ յարձակումին եւ քեսապահայութեան տեղահանութեան մասին մանրամասնութիւններ հաղորդեց՝ ա-ւելցնելով, թէ գործողութեան առաջին օրն իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու առաջարկ ներկայացուցած է ՀՅԴի եւ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, քննելու համար քեսապահայութեան վրայ այս յարձակումը ու յատկապէս Թուրքիոյ դերակատարութիւնը անոր մէջ:

Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեան յայտարարեց, թէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է կապ հաստատել իրենց շրջանը ներկայացնող քոնկրեսականին հետ՝ պահանջելով, որ Քեսապի վրայ յարձակումին մէջ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը քննելու նպատակով քոնկրեսական հետապնդում կատարուի:

Ապա, Մանճիկեան «Սքայփի»ի միջոցաւ միացաւ հաւաքին եւ բացատրեց, թէ Մարտ 21ի առաւօտեան քեսապցիները նկատած են, թէ սահմանապահ թուրքերը հեռացած են իրենց դիրքերէն. քանի մը ժամ ետք զինեալները անցած են սահմանը ու յարձակած Քեսապի վրայ՝ տեղահանութեան պատճառ դառնալով: Ան շեշտեց, թէ մեծամասնութեամբ Լաթաքիա ապաստանած քեսապցիները կը փափաքին ամենամօտ առիթով Քեսապ վերադառնալ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վերջին քանի մը շաբաթներուն աշխարհասփիւռ հայութենէն քեսապցիներուն տրամադրուած օժանդակութեանց համար:

Նաեւ, Լոս Անճելըսի Քեսապի կրթասիրաց միութեան ատենապետուհի Եսթեր Թոկնոզի շնորհակալութիւն յայտնեց հայութեան ցուցաբերած նպաստին համար եւ կոչ ըրաւ բոլորին, որ հաստատեն ճշմարտութիւնը համացանցի վրայ կարդացուած որեւէ տեղեկութեան՝ զայն ուրիշներու փոխանցելէ առաջ: Ան նաեւ կարճ հարցազրոյց մը կատարեց Կարօ Մանճիկեանի հետ, յաւելեալ լուսաբանութեանց համար:

Աւարտին, ելոյթ ունեցաւ Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինի ատենապետ (SARF) Զաւէն Խանճեան, որ կոչ ըրաւ բոլորին մասնակցելու «ՀայԷյտ 3» համերգին, որ նուիրուած է Քեսապի հայութեան:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Էնսինոյի թաղային խորհուրդի անդամ Ճէյսըն Էյքըրմեն:
ՀԵԴն կը շեշտէ, թէ ապատեղեկատուութենէն խուսափելու համար, «#SaveKessab» արշաւին պէտք է միանալ «AYFWest» ընկերային ցանցին կամ www.ayfwest.org կայքին միջոցաւ:


comments