Եւս նոր նահատակ մը Հալէպի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 16 April 2014


 


ՀԱԼԷՊ.- «Բերիոյ Նիուզ»ը կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 16ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Հալէպի Նիլ թաղամասը թիրախ դարձած է հրթիռարձակման: Հրթիռի մը պայթումէն իր ստացած բեկորներուն պատճառով, սպաննուած է սուրիական բանակի հայ զինուոր՝ 1995ի ծնունդ Գրիգոր Աշնագըլեանը:

 

Նշենք, որ 20 տարիքը չբոլորած Գրիգորը քանի մը ամսուան ծառայութիւն ունէր միայն: Անոր թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցւոյ մէջ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ մուֆթի՝ շէյխ Ահմատ Պետրըտտին Հասսուն, Ապրիլ 14ին այցելած է Լաթաքիոյ Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ընկերակցութեամբ Լաթաքիոյ նահանգապետին, «Պաաս» կուսակցութեան Լաթաքիոյ ղեկավարին եւ իսլամ ու քրիստոնեայ կրօնականներու, պետական ներկայացուցիչներու եւ ազգայիններու:

Շէյխ Պետրըտտին Հասսուն, Ծովափի շրջանի շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի ներկայացուցիչներէն եւ ազգայիններէն տեղեկութիւններ ստացած է եկեղեցւոյ տարածքին հաստատուած քեսապցի տեղահանուածներուն մասին, հետաքրքրուած է անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ անոնց կարիքներով, ինչպէս նաեւ մխիթարական խօսքեր արտասանած՝ շեշտը դնելով իսլամ-քրիստոնեայ եղբայրութեան եւ յատկապէս պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին կրած տարապանքին՝ Մեծ Եղեռնին վրայ:

Ապա, մուֆթիին ձեռամբ Պատուոյ գիրեր յանձնուած են Քեսապի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին, իր ցուցաբերած դժուարին աշխատանքին համար:

Քեսապահայութեան անունով խօսք առնելով՝ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան երախտագիտական խօսք արտասանած է շէյխ Պետրըտտին Հասսունին եւ անոր պատուիրակութեան:

 



comments

Advertisement