Քեսապահայերուն աջակցելու կոչ Եւրոպային

By Asbarez | Wednesday, 16 April 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եանաքիս Օմիրուն նամակ մը յղած է Եւրոխորհրդարանին, Միջխորհրդարանական միութեան, Միջերկրականի խորհրդարանական վեհաժողովի ու Ուղղափառներու միջխորհրդարանական վեհաժողովի նախագահներուն, Քեսապի մէջ տիրող իրավիճակին մասին: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ ուղերձը ուղղուած է՝ Կիպրոսի խորհրդարանի պատգամաւոր, հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք:


«Ֆամակուսթա Կազեթ» թերթը կ՛աւելցնէ, թէ իր ուղերձին մէջ Օմիրուն գրած է, որ Քեսապի վրայ յարձակումին ընթացքին, եկեղեցիներու եւ պատմական շինութիւններու պղծում ու աւերում, ինչպէս նաեւ գոյքի թալանում կատարուած է Թուրքիայէն ներխուժած ծայրայեղականներու կողմէ:

Օմիրուն կոչ ըրած է նամակի հասցէատէրերուն, որ իրենց ազդեցութիւնը ի գործ դնեն եւ ճնշում բանեցնեն Թուրքիոյ վրայ՝ վերջ դնելու համար ծայրայեղականներու յարձակումներուն: Ան նաեւ նշած է, թէ բոլոր կողմերը պէտք է աշխատանք տանին, որպէսզի քեսապահայերը ամենականուխ առիթով եւ ապահով կերպով վերադառնան իրենց տուները:


comments