Թեհրանահայութեան բողոքի հաւաք՝ Թեհրանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակին առջեւ

By Asbarez | Friday, 18 April 2014

 

 


ԹԵՀՐԱՆ.- Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլի առաւօտեան թեհրանահայ համայնքը՝ ի պաշտպանութիւն սուրիահայերուն, Թեհրանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակին առջեւ կատարեց բողոքի ցոյց, որով կրկին իր ձայնը միացուց աշխարհասփիւռ հայութեան ցասումի ձայնին:

Պաստառներով եւ բարձրակոչ կարգախօսներով համախմբուած ցուցարարներու շարքին էին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Նշան արք. Գարաքեհէեան, Իրանի խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտոր Կարէն Խանլարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Գեւիկ Մկրտչեան, թեմի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու, ազգային իշխանութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հաւաքը սկսաւ Իրանի քայլերգով, ապա իրաւաբան Թալին Բանդարին պարսկերէնով ընթերցեց Քեսապի յարձակման եւ անոր յաջորդող զարգացումներուն առնչուող հակիրճ հաղորդագրութիւն, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէր նաեւ դատապարտելու իրողութիւնը:

Թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր ելոյթ-կոչին մէջ շեշտեց. «Թուրքիան ասկէ 99 տարիներ առաջ նոյն անմարդկային ոճրագործութիւնը կատարեց, երբ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու սպանդին պատճառ եղաւ: Եւ տակաւին ան կը շարունակէ իր ցեղասպանի կեցուածքը՝ Ցեղասպանութեան ուրացումով: Բայց թող ինք եւ իր ժառանգորդները ու աշխարհի անարդար մարդիկ իմանան, որ հայ ժողովուրդը չէր ծնած մեռնելու համար, այլ ծնած էր ապրելու, եւ այսօր 99 տարիներ ետք Տէր Զօրի անապատէն ծնունդ առած մեր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս կը շարունակէ իր պայքարը: Եւ այսօրուան մեր այս հաւաքը, սիրելինե՛ր, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ վկայութիւնը այն ճշմարտութեան, որ մենք իբրեւ քաղաքացիները Իրանի Հանրապետութեան, ամէն ինչ կ՛ընենք, որպէսզի արդարութիւնը իր տեղը գտնէ: Եւ այսօրուան այս հաւաքը միջազգային հանգամանք ունեցող այս գրասենեակին դիմաց՝ կոչ է նաեւ միջազգային կազմակերպութեան՝ ՄԱԿին, որպէսզի ինք եւս հետամուտ ըլլայ արդարութեան եւ ոչ թէ խամաճիկը դառնայ Ամերիկայի եւ եւրոպական պետութիւններու: Մեր ակնկալիքն է, որ միջազգային ընտանիքը սթափի եւ տեսնէ պատմական ճշմարտութիւնները եւ ըստ այնմ կողմնորոշուի, որովհետեւ ժողովուրդներու պատմութիւնը կարելի չէ կեղծիքի վրայ հիմնել»:

Դոկտ. Կարէն Խանլարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսպիսով մենք կ՛ուզենք մեր բողոքը յայտնել ՄԱԿին եւ միջազգային ատեաններուն՝ այս ահաբեկչական խումբերու վայրագութիւններուն գծով: Միաժամանակ կ՛ուզենք մեր ժողովուրդին, մեր համայնքին զօրակցութիւնը յայտնել մեր սուրիահայ համայնքին եւ անգամ մը եւս հաստատել, որ եթէ որեւէ վտանգ սպառնայ մեր ազգի որեւէ մէկ հատուածին, համայն հայութիւնը՝ որպէս մէկ ազգ, որպէս մէկ կենդանի ամբողջութիւն այս հարցերուն մէջ պիտի ըլլանք պահանջատէր եւ իրարու զօրակից»:

Այնուհետեւ, բոլոր ելոյթ ունեցողները իրենց խօսքին մէջ դատապարտեցին Սուրիոյ մէջ ծաւալած իրադարձութիւնները՝ յատկապէս երբ անիկա ուղղուած է հայ համայնքին դէմ։

Քաղաքական փորձագէտ Իսիկ Իւնանեսեան ընթերցեց վերջնագիրը, եւ հաւաքի աւարտին ցուցարարներուն անունով վերջնագիրը փոխանցուեցաւ ՄԱԿի ներկայացուցչութեան:

 


comments

Advertisement