Քեսապի հարցով հանդիպում՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ

By Asbarez | Friday, 18 April 2014


Ֆրանսահայ համայնքի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համադրող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանէ եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանէ, Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլին Քեսապի հարցով հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ընդդիմադիր աջակողմեան (Իւ.Էմ.Փէ.) կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ՝ երեսփոխան Քրիսթիան Ժաքոպի հետ: Ներկայ էին նաեւ նոյն խմբակցութեան երեսփոխաններ Վալերի Պուայէ եւ Ֆիլիփ Մէօնիէ:

Հայկական պատուիրակութիւնը փոխանցեց Քեսապի հայութեան կապուած նորագոյն իրադարձութիւնները: Քննարկուեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի փոքրամասնութեանց իրավիճակը եւ յատկապէս սուրիահայութեան իրավիճակը: Պատուիրակութիւնը յատուկ ընդգծեց Քեսապի հարցով թրքական ազդակը եւ ներկայացուց իր հիմնական պահանջը՝ ֆրանսական իշխանութեանց կողմէ յստակ կեցուածք եւ ճնշում՝ ժիհատական ահաբեկչական խմբակներուն վրայ, որպէսզի անմիջապէս հեռանան հայաւանէն եւ իրաւատէրերը վերադառնան իրենց բնօրրանը ու երաշխաւորուի անոնց անվտանգութիւնը:

Քաջածանօթ այս կացութեան եւ դժնդակ այս իրադրութեան, պատգամաւորական խմբակցութիւնը յայտնեց իր յանձնառութիւնը եւ խոստացաւ առաջին հերթին կառավարութեան գրաւոր հարցում ուղղել խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի յառաջիկայ լիագումար նիստերուն, յաջորդաբար 23 եւ 28 Ապրիլին: Աւելին՝ խմբակցութիւնը խորհրդարանի զոյգ պալատներու նիստերուն ընթացքին արտաքին գործոց նախարարութենէն պիտի պահանջէ նաեւ յատուկ դիրքորոշում որդեգրել այս գծով եւ հրապարակաւ զայն արտայայտել իբրեւ ֆրանսական պետութեան պաշտօնական քաղաքականութիւն, առանց երկդիմի կամ երկչոտ խուսանաւումներու: Վերջապէս, խմբակցութիւնը դատապարտեց նաեւ Արեւմուտքի անհիմն ու անհասկնալի լռութիւնը ի տես Քեսապի նկատմամբ գործադրուող վտանգաւոր ու յարձակողապաշտ քաղաքականութեան:

ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակ
Փարիզ, 16 Ապրիլ 2014


comments

Advertisement