Ռուսիոյ ամէնէն հարուստ 200 գործարարներուն մէջ կան 7 Հայեր

By Asbarez | Monday, 21 April 2014


ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».– Ռուսիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող եօթը հայ գործարարներ ներառուած են ամերիկեան «Ֆորպզ» ամսաթերթին կողմէ հրապարակուած ռուսական 200 ամէնէն հարուստ գործարարներու 2014 թուականի ցանկին մէջ:


Ամերիկեան հեղինակաւոր ամսաթերթը 17 Ապրիլին հրապարակած է «Ռուսիոյ 200 ամէնէն հարուստ գործարարներ»ու 11րդ վարկանշային աղիւսակը: Հոն տեղ գտած հայ գործարարներուն մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ «Մագնիտ» առեւտրական ցանցի հիմնադիր-սեփականատէր Սերգէյ Գալիցկին (Յարութիւնեան), որուն նիւթական կարողութիւնը 10.3 միլիառ տոլար է: Ան վարկանշային ցանկին 13րդ դիրքին վրայ է: «Տաշիր կրուփ»ի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան ընդհանուր ցանկին մէջ 26րդ է. անոր կարողութիւնը 4.3 միլիառ տոլար է:

2.6 միլիառ տոլար կարողութեամբ «Ֆորպզ»ի ցանկին 40րդ դիրքին վրայ է «Ռոսգոսստրախ» ապահովագրական ընկերութիւններու խումբի նախագահ Դանիէլ Խաչատուրովը: 98րդ եւ 99րդ հորիզոնականներուն վրայ են «Ռեսօ կարանթիա»ի փոխնախագահ Նիկոլայ Սարկիսովը՝ իր 1.1 միլիառ տոլար կարողութեամբ եւ անոր եղբայրը՝ «Ռեսօ կարանթիա» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Սերգէյ Սարկիսովը: Իսկ «Սքոլքովօ» առեւտուրի դպրոցի հիմնադիր-գործընկեր Ռուբէն Վարդանեանը 124րդ է. անոր ընդհանուր կարողութիւնը կը գնահատուի 850 միլիոն տոլարով: 133րդ դիրքի վրայ է «Wooden Fish Agency» դիտորդական խորհուրդի տնօրէն Ալբերտ Աւդոլեանը՝ ընդհանուր 750 միլիոն տոլարով:

Ըստ «Ֆորպզ»ի՝ վարկանշային ցանկը կը գլխաւորէ երրորդ տարին ըլլալով այդ դիրքը գրաւող ազգութեամբ Իւզպեկ Ալիշեր Ուսմանովը: Անոր կարողութիւնը՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով աւելցած է 1 միլիառ տոլարով՝ դառնալով 18.6 միլիառ տոլար: Երկրորդ հորիզոնականին վրայ է «Ալֆա կրուփ»ի համասեփականատէր Միխայիլ Ֆրիտմանը, որուն կարողութիւնը աւելցած է 1.1 միլիառ տոլարով՝ դառնալով 17.6 միլիառ տոլար: Առաջին եռեակը 17.2 միլիառ տոլար ցուցանիշով կ՛եզրափակէ Վիքթոր Վեքսելպըրկը՝ 17.2 միլիառ տոլար կարողութեամբ:


comments

Advertisement