Հայ երիտասարդներ ձերբակալուած են Փարիզի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ընթացքին

By Asbarez | Monday, 21 April 2014


 

Շաբաթ, 19 Ապրիլին ՀՅԴ Ֆրանսայի Նոր Սերունդ երիտասարդական միութիւնը բողոքի ցոյց մը կազմակերպած էր Փարիզի կեդրոնական՝ Շանզելիզէ փողոցին վրայ, Թուրքիոյ դեսպանատան կից մշակութային ծառայութեան գրասենեակին դիմաց:


Ֆրանսահայ երիտասարդները դատապարտեցին Թուրքիոյ կողմէ իրականացած Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցման պահանջ ուղղեցին Թուրքիոյ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ դատապարտեցին թրքական իշխանութիւններու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումի քաղաքականութիւնն ու Քեսապի վրայ յարձակման օժանդակութիւնը:

Վերոնշեալ մշակութային ծառայութեան գրասենեակին դիմաց երիտասարդները արիւն խորհրդանշող կարմիր ներկ թափեցին, այնուհետեւ շուրջ 15 երիտասարդներ թրքական մշակութային գրասենեակին դիմաց նստացոյց կատարեցին՝ բարձրացնելով պաստառներ, որոնց վրայ ֆրանսերէնով գրուած էր. «Արդարութիւն հայ ժողովրդին», «Թուրքիա դուրս մեր հողերէն» եւ հնչեցնելով թրքական իշխանութիւններու ժխտողական քաղաքականութիւնը դատապարտող կոչեր:
Թրքական գրասենեակին դիմաց զետեղուած էր մեծ պաստառ, որուն վրայ գրուած էր. «Արդարութիւն եւ հատուցում Հայոց Ցեղասպանութեան համար»:

Բողոքի ցոյցի մեկնարկէն շուրջ մէկ ժամ ետք ժամանեց ֆրանսական ոստիկանութիւնը: Ոստիկանութեան ժամանումէն ետք թրքական գրասենեակի թուրք աշխատողները վէճի բռնուեցան ոստիկաններուն հետ եւ անոնցմէ մէկը հարուածեց ոստիկանի մը: Ոստիկանները պահանջեցին, որ ֆրանսահայ երիտասարդները դադրեցնեն ցոյցը:

Երիտասարդները որեւէ դիմադրութիւն ցոյց չտուին ոստիկաններուն, սակայն 7 երիտասարդներ ձերբակալուեցին եւ տարուեցան ոստիկանատուն. երկու ժամ ետք 6 երիտասարդներ ազատ արձակուեցան, իսկ ձերբակալուած մնաց ՀՅԴ Նոր Սերունդ երիտասարդական միութեան ատենապետ Լորիս Թուֆանեանը:


comments

Advertisement