Արամ Կաթողիկոս կը հետեւի ցեղասպանութեան նահատակներու աճիւններու զետեղման

By Asbarez | Tuesday, 22 April 2014

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Նահատակաց մատուռը հիմնական բարենորոգութեան ընթացքի մէջ է, բարերարութեամբ Զուիցերիայէն տէր եւ տիկին Զարեհ Պէզիքեանի։


Նորոգութեան առիթով, Տէր Զօրէն բերուած նահատակաց աճիւնները ի պահ դրուած էին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21ի առաւօտ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հսկողութեամբ, աճիւնները նոր դասաւորումով դարձեալ զետեղուեցան Նահատակաց մատրան մէջ։
Մատրան նորոգութիւնները պիտի աւարտին քանի մը ամիսէն, ապա տեղի պիտի ունենայ անոր օծումը՝ վեհափառ հայրապետին ձեռամբ:


comments