Արեւմտահայաստանի մասին կլոր սեղան-զրոյց Պոսթընի մէջ

By Asbarez | Tuesday, 22 April 2014


 

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 3ին, կազմակերպութեամբ Մեծն Պոսթընի ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան եւ ՀԵԴ «Գարեգին Նժդեհ» ուխտին, Հայ Մշակութային եւ Կրթական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան-զրոյց մը, որուն նիւթն էր «Արեւմտահայաստանը՝ մեր հողերն ու մեր իրաւունքները»:
Օրուան բանախօսներն էին Արա Պապեան («Մոտիւս Վիվենտի» հիմնարկի պատասխանատու եւ Քանատայի մօտ ՀՀ նախկին դեսպան), Արամ Համբարեան (Ուաշինկթընի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ) Եւ Հայ Դատի Արեւելեան շրջանի գործիչներ՝ Ճորճ Աղճայեան եւ Տիգրան Խալիկեան: Այս վերջինը զրուցավարն էր, իսկ ձեռնարկին բացման հանդիսութիւնը կատարեց Թամար Գանարեան:


Արա Պապեան, իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ տարածքներու հարցը Ցեղասպանութեան հետ կապ չունի, եւ թէ Թուրքիան Ցեղասպանութիւնը կրնայ ճանչնալ, բայց ոչինչ կրնայ վերադարձնել եւ նոյնիսկ կրնայ ըլլալ որ հակառակը կատարուի, այսինքն՝ Ցեղասպանութիւնը չճանչնայ եւ հողերը վերադարձնէ:

«Ցեղասպանութեան հարցն առանձին խնդիր է՝ աւելի շատ բարոյականութեան դաշտում ընկած, քան՝ իրական իրաւունքի: Ինչ վերաբերում է բնակեցնել-չբնակեցնելուն, մեր իրաւունքն է, կ՛ուզենք կը բնակեցնենք, չենք ուզեր՝ չենք բնակեցնի», ըսաւ Պապեան:

Ճորճ Աղճայեան անդրադարձաւ տարիներու ընթացքին իր ձեռք ձգած փորձառութիւններուն՝ Արեւմտահայաստան կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին:
Արամ Համբարեան անդրադարձաւ Հայ Դատի յանձնախումբին կատարած աշխատանքին եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, որոնց պատճառն է յատկապէս թուրք եւ ազերի հակաքարոզչական մեքենան:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Մեծն Պոսթընի ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Ճանէսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ դասախօսներուն:


comments

Advertisement