Համազգայինի առաջին մշակութային երեկոն Շուէտի մէջ

By Asbarez | Tuesday, 22 April 2014

 

Շուէտի Ուփսալա քաղաքի «Պլանքա» թատրոնին մէջ Ապրիլի 13ին տեղի ունեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շուէտի մասնաճիւղի կազմակերպած առաջին հայկական մշակութային երեկոն: Ձեռնարկին «Քմինեն» սիրողական թատերախումբին կողմէ շուէտերէնով ներկայացուեցան Յովհաննէս Թումանեանի «Անխելք Մարդը» եւ «Սուտասանը» թատերախաղերը՝ Լուիզա Կոնստա Տէր Սարգսեանի բեմադրութեամբ:


Երեկոյի պատուաւոր հիւրերն էին՝ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Սեսիլիա Վիքսթրոմ, Շուէտի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան եւ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Երեկոն յագեցած էր պարային եւ երաժշտական կատարումներով: Ելոյթ ունցաւ Համազգայինի «Ատանա» պարախումբը (պարուսոյց Սելինա Մանսուրեան): Ասմունքով ծրագիրին մասնակցեցան Անոյշ Միրոյեան եւ Փառէն Պաղտասարեան: Հրամցուեցան դաշնամուրի եւ ջութակի համարներ՝ Գէորգ Էքիզեանի, Լիլիա Սուքիասեանի եւ Դաւիթ Օհանջանեանի կատարումով:


comments