Տոքթ. Թամաշ Թուրտեան ընտրուեցաւ Հունգարիոյ խորհրդարանի անդամ

By Asbarez | Tuesday, 22 April 2014

Կիրակի, Ապրիլ 6ին, Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանի ընտրութիւնները: Հունգարիոյ սահմանադրութեան մէջ նշուած է, որ Հունգարիոյ պետութիւնը, երկիրը կառուցած քանի մը ազգերու՝ այդ կարգին նաեւ հայերու պետութիւնն է:


Հունգարիոյ հայութիւնը, օգտուելով երկիրի ընտրական նոր օրէնքի կարելիութիւններէն, ըստ որոնց՝ այն փոքրամասնութիւնները, որոնք մասնակցած են Հունգարիոյ պետութեան ստեղծման, կրնան երեսփոխան ունենալ խորհրդարանին մէջ, վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին իր թեկնածուն առաջադրեց եւ երեսփոխան ընտրեց հունգարահայ համայնքի անդամ տոքթ. Թամաշ Թուրտեանը:


comments