Հայ Դատի Յանձնախումբը Ներում Հայցել Կը Պահանջէ Ռիքարտոնէէն

By Asbarez | Monday, 22 August 2011

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յղած է նամակ մը, որուն մէջ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Ֆրենսիս Ռիքարտոնէէն կը պահանջէ ներում հայցել իր այդ կեղծ հիմնաւորման համար, թէ՝ «մինչեւ 1915 Թուրքիոյ տարածքին գործած քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը այսօր կը շարունակէ գործել իբրեւ եկեղեցի»։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին ուղղուած նամակին մէջ, մասնաւորաբար կը նշուի, որ դեսպանին այդ մեկնաբանութիւնը քրիստոնէական սրբավայրերու ոչնչացումը ծածկելու փորձ է եւ ցոյց կու տայ, որ «դեսպանին համար ընդունելի է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման մասին Թուրքիոյ կառավարութեան զազրելի պատմութիւնը»։

Յիշեցնենք, որ ամերիկացի ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի գրաւոր այն հարցումին, թէ՝ «Մինչեւ 1915 ներկայ Թուրքիոյ տարածքին գործած երկու հազարէն աւելի քրիստոնէական եկեղեցիներէն որքա՞նը այսօր կը գործէ իբրեւ եկեղեցի», Ռիքարտոնէ պատասխանած էր. «Քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը, որ մինչեւ 1915 կը գործէր, այսօր կը շարունակէ գործել իբրեւ եկեղեցի։ Որոշ եկեղեցիներ իբրեւ թանգարաններ կը գործեն, իսկ մնացեալը խարխլուած են կամ մզկիթներու վերածուած՝ չօգտագործուելու պատճառով»։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ այժմու Թուրքիոյ տարածքին, 1915ին գործած երկու հազարէն աւելի հայկական եկեղեցիներէն նուազ քան 50ը կը գործէ։

Քլինթընին ուղղուած նամակին մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը պահանջէ Ռիքարտոնէէն եւ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որ յետս կը կոչէ դեսպանին խօսքերը, ինչպէս նաեւ՝ ամբողջական եւ պաշտօնական ճշդում մը այն մասին, թէ ներկայ Թուրքիոյ տարածքին գործած քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը ոչնչացուցած եւ պղծուած է Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան կառավարութիւններուն կողմէ, եւ թէ պահպանուած եկեղեցիները պէտք է վերադարձուին օրինական տէրերուն՝ հայերուն, յոյներուն, աորիներուն, եւ այլն:

Ռիքարտոնէի գրաւոր հարցապնդումը շարունակութիւնն է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ սկսած՝ Ռիքարտոնէի նշանակումը վաւերացնելու կամ զայն մերժելու գործընթացին:

Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդներ՝ Օշական արք. Չոլոյեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, եւս այս կապակցութեամբ իրենց խիստ բողոքը արտայայտած են:

Ձեր բողոքը անձամբ ներկայացնելու համար, հեռաձայնեցէք արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ (202) 647-6575 թիւով, եւ թիւ 1 ընտրանքը սեղմելէ ետք՝ արձանագրեցէք ձեր պատգամը:

comments