Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս կը պատասխանէ Թուրքիոյ վարչապետի պատգամին

By kantsasar | Thursday, 24 April 2014




Քիչ առաջ կարդացինք Ապրիլ 24-ի առիթով Թուրքիոյ վարչապետին պատգամը ուղղուած հայութեան: Արդարեւ, պատմական դէպքերու չարափոխութիւնը չի կրնար յաղթահարել պատմութեան անհերքելի ճշմարտութիւնը: Ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915 թուականին թուրքիոյ մէջ, պատերազմի հետեւանքով պատահած դէպքեր չէին, պարոն վարչապետ, այլ` ցեղասպանութիւն էր հայ ժողովուրդին դէմ բառին իրաւական ու քաղաքական հասկացողութեամբ. Ցեղասպանութիւն՝ կազմակերպուած ու գործադրուած քու նախահայրերուդ, Թալեաթ Փաշաներու ու էնվերներու կողմէ: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը ցաւակցութիւն ու բարոյախօսութիւն չէ որ կը սպասէ թուրքիոյ պետութենէն, այլ` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը:

comments