Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն՝ Անթիլիասի մէջ

By Asbarez | Monday, 28 April 2014

 

Շաբաթ, 26 եւ Կիրակի, 27 Ապրիլին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Մեղրիկ Ծ. վրդ. Բարիքեանի (Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ), Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի (առաջնորդ Ատրպատականի հայոց թեմի) եւ Մակար Ծ. վրդ. Աշգարեանի (Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ) եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը:


Այսպէս, Շաբաթ, 26 Ապրիլի երեկոյեան, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ հոգեւորականաց դասը առաջնորդուեցաւ Մայր տաճար, ուր Ս. Երրորդութեան խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ ուխտի ստորագրութիւն, հաւատքի քննութիւն եւ ճշմարիտ դաւանութեան խոստովանութիւն:

Կարդացուեցան Քանատայի, Թեհրանի ու Ատրպատականի թեմերու Ազգային իշխանութեանց կողմէ գրուած վկայագիրները, որոնցմով առաջարկ կը ներկայացուէր վեհափառ հայրապետին, եպիսկոպոսական աստիճան շնորհել երեք ընծայեալներուն:

Ապա, նուիրեալները ծնկաչոք ընթերցեցին իրենց ուխտը եւ հրապարակաւ յայտնեցին իրենց հաւատարմութիւնը եւ ծառայական պատրաստակամութիւնը մայրենի Ս. եկեղեցւոյն ու ժողովուրդին:

Արարողութեան աւարտին, վեհափառ հայրապետը եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանիշ եմիփորոնները զգեցուց անոնց եւ պահպանիչով օրհնեց:

Կիրակի, 27 Ապրիլին, տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոսին առընթերակայ եղան Խաժակ արք. Յակոբեան (առաջնորդ Քանատայի հայոց թեմին) եւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան (առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմին): Խարտաւիլակն էր Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

Արամ Ա. կաթողիկոս սրբալոյս միւռոնով օծելէ ետք Մեղրիկ, Գրիգոր եւ Մակար եպիսկոպոսներուն ճակատն ու աջ ձեռքին բթամատը, եպիսկոպոսական գաւազանն ու մատանին փոխանցեց անոնց:

Օծումէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետը տուաւ իր պատգամը, որուն մէջ անդադարձաւ հետեւեալ երեք բառերով կեանքի այն որակին մասին, որոնք պէտք է դառնան նորաօծ եպիսկոպոսներուն կեանքի ուղղութիւնն ու նպատակը: «Ծառայութիւնը, հնազանդութիւնը եւ համեստութիւնը Անթիլիասի միաբանութեան կեանքին ու առաքելութեան որակը կը կազմեն», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

«Ողջոյն»ի պահուն միաբան հայրեր ու ներկայ հոգեւորականներ բարձրացան Ս. խորան եւ շնորհաւորեցին նորաօծ սրբազանները: Ս. պատարագի եւ օծման արարողութեան աւարտին, ներկայ հաւատացեալներ ստացան նորաօծ եպիսկոպոսներուն առաջին օրհնութիւնը՝ անոնց յայտնելով իրենց բարեմաղթութիւնները:


comments

Advertisement