Ցեղասպանութեան նուիուած խաչքարի օծում՝ Թիֆլիսի մէջ

By Asbarez | Monday, 28 April 2014

 


 





Ապրիլ 21ին, Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պատարագ, որմէ ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Արարողութեան նախագահեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան՝ Սամցխէ-æաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր փոխառաջնորդ Բաբգէն վրդ. Սալպեանի եւ թեմի հոգեւոր դասի ընկերակցութեամբ:

Խաչքարի օծումէն ետք Վրաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան եւ խաչքարի տեղադրման հովանաւոր, բարերար Հրաչեայ Պօղոսեան կատարեցին խաչքարի բացումը:

Իր ելոյթին մէջ դեսպան Մանուկեան նշեց. «Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած խաչքարի տեղադրումը Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ յոյժ կարեւոր եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւն է: Շուրջ մէկ դար անցած է Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութենէն, սակայն, հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած այդ ոճրագործութիւնը մինչ օրս համընդհանուր ճանաչում եւ դատապարտում չէ ստացած: Սա ոչ միայն հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնն է, այլեւ ամբողջ մարդկութեան ամօթը, որովհետեւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ժխտումը յետագային յանգեցուց նոր ցեղասպանութիւններու եւ ոճրագործութիւններու»:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ժխտողականութեան քաղաքականութեան՝ ՀՀ դեսպանը ընդգծեց, որ եւրոպական քաղաքակիրթ ազգերու ընտանիք ձգտող երկիրը պարտաւոր է դրսեւորելու եւրոպական պետութեան պատշաճ քաղաքավարական մակարդակ, բարոյական ուժ եւ քաղաքական կամք՝ պատմական անժխտելի փաստերու իրողութիւնը ընդունելու համար, ինչպէս այդ մէկը ըրաւ Գերմանիան՝ դատապարտելով Ողջակիզումը:

 


comments

Advertisement