Զոյք մե Հայեր Տիգրանակերտի մէջ կը պսակուի՝ 60 տարի ուշացումով

By Asbarez | Monday, 28 April 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգորդներ եւ տակաւին Տիգրանակերտի մէջ ապրող հայ ամուսիններ՝ 84ամեայ Սըթքը Եքեն (Սարգիս) եւ Պայզօ Ալաթան, իրենց ամուսնութենէն 60 տարի ետք, Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին մէջ կրցած են իրականացնել իրենց պսակադրութիւնը:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին համաձայն՝ Տիգրանակերտի նորընտիր համաքաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաք Սուրբ Զատիկի տօնին առիթով այցելած է հայ ամուսիններուն բնակարանը եւ պսակադրուելու ցանկութիւնը լսելով՝ ձեռնամուխ եղած է պսակադրութեան կազմակերպման:

Տարեց հայ ամուսինները Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի հասած են զարդարուած կառքով, որմէ ետք եկեղեցիին մէջ, հիւրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է պսակադրութիւնը, որուն կնքահայր եւ կնքամայր եղած են Տիգրանակերտի համաքաղաքապետները՝ Կիւլթան Քըշանաք եւ Ֆըրաթ Անըլը:
Պսակադրութենէն ետք, Սարգիս Եքեն նշած է, թէ չէր փափաքեր առանց պսակադրութեան մահանալ եւ աւելցուցած է, որ շատ երջանիկ է իր պսակադրութեան առթիւ ու նման երջանկութիւն մաղթած է բոլորին:


comments