Արամ Ա. ընդունեց Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր մարմինը

By Asbarez | Thursday, 01 May 2014

 

 


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր մարմնի անդամները։

Յիշեալ մարմինը, որուն կը մասնակցին Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ զանազան շրջաններէ, Լիբանան կը գտնուի, Պէյրութի մէջ ունենալու իր տարեկան հանդիպումը։

Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու Սուրիոյ ներկայ կացութիւնը ու յատկապէս՝ Սուրիոյ մեր գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Խօսակցութեան նիւթ դարձան նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչուած ծրագիրներ ու աշխատանքներ։

Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան համար, որուն գործնական արտայայտութիւնը կը հանդիսանան Ազունիէի Ազգ. բուժարանէն եւ Ազգ. ծերանոցէն ներս տարուող աշխատանքները։ Ինչպէս նաեւ վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց Հայկազեան համալսարանի գործունէութեան, մասնաւորաբար հայ ուսանողներու նկատմամբ ցուցաբերուած յատուկ հոգածութեան համար։

 


comments

Advertisement