Ուրուկուէյի խորհրդարանը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակին

By Asbarez | Friday, 02 May 2014

 

Կազմակերպութեամբ Օրէնսդիր մարմինի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին, 13րդ տարին ըլլալով, Ծերակոյի նախասրահին մէջ կատարուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով թէ՛ պետական եւ թէ դիւանագիտական անձեր, որոնց մէջ էին ՀՅԴի Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան եւ Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ ԿԿի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, զբօսաշրջութեան նախարար Լիլեան Քէշիշեան, մշակոյթի փոխնախարար փրոֆ. Օսգար Կոմեզ, ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը:


Առաջին խօսք առնողը եղաւ Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Անիպալ Փերէյրա եւ կուսակցութիւններու պատգամաւորներ, որոնք ներկայացուած են խորհրդարանէն ներս:

Բոլոր խօսք առնողներն ալ, նախ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը յայտնելէ ետք Հայ Դատին, պատմական ակնարկ մը նետեցին 1915ի դէպքերուն եւ անոնց պատճառած ահաւոր արդիւնքին: Կարծիք յայտնեցին նաեւ այդ օրերու հզօր պետութիւններու քաղաքական շահերուն եւ ի վնաս հայութեան իրենց ունեցած դերի մասին: Բոլոր բանախօսներն ալ շեշտեցին, որ միջազգային ընտանիքը պատասխանատուութիւնը առնէ ստիպելու Թուրքիոյ կառավարութեան, որպէսզի ոչ միայն ճանչնայ իր գործադրած մարդկութեան դէմ եղած ոճիրը, այլեւ անոր հետեւանքներու շուրջ քայլերու դիմէ, այդպիսով ճամբայ բանալով երկու երկիրներու միջեւ իրական խաղաղութեան:

Ուրուկուէյի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց տոքթ. Տանիէլ Աւետեան:

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները հովանաւորեց, ուրուկուէյահայ բոլոր կազմակերպութիւններու կողմէ հիմ-նուած 100ամեակի յանձնախումբը:


comments

Advertisement