
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Դոկտ. Մայքըլ Ճէյ. Յակոբեանի Հայկական Ցեղասպանութեան 400 վերապրողներու հետ կատարած հարցազրոյցներուն թուայնացած տարբերակները քայլ մը եւս մօտեցած են «Տեսողական պատմութեան արխիւ»ին մաս կազմելու նպատակին, երբ վկայութիւնները յանձնուեցան Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ գործող «Շօա» հիմնարկին, ուր ցանկագրումը պիտի կատարուի:
Յակոբեան եւ անոր կինը՝ Անէթ, 2010ին այս նպատակով համաձայնութիւն մը կնքած էին «Շօա» հիմնարկին հետ: Այժմ հիմնարկը պիտի պատրաստէ վկայութիւններու՝ մեծ պաստառի եւ համացանցի վրայ ցուցադրուելիք տարբերակները ու զանոնք մէկ մասնիկը պիտի դարձնէ «Տեսողական պատմութեան արխիւ»ին:
Նաեւ, բոլոր ոչ անգլերէն վկայութիւնները պիտի թարգմանուին եւ իբրեւ ենթախորագիր պիտի ցուցադրուին վկայութեանց տակ, նպատակ ունենալով ամբողջ աշխատանքը աւարտել Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն առաջ: Հիմնարկը, որ այս աշխատանքին համար դրամահաւաքի արշաւի մը սկսած է, վկայութիւնները մէկ մասնիկը պիտի դարձնէ իր դաստիարակչական նիւթերուն:
Դոկտ. Յակոբեան սոյն հարցազրոյցները կատարած էր 1972էն 2005ի միջեւ: Անոնց մէջ կան 10 տարբեր լեզուներով վկայութիւններ, իսկ վերապրողները 8էն 29 տարեկան եղած են Ցեղասպանութեան օրերուն: Հարցազրոյցները կը պահուին Հայկական շարժապատկերի հիմնարկութեան մէջ:
Հայկական Ցեղասպանութեան մասին մօտաւորապէս 70 վաւերագրական ֆիլմեր արտադրած դոկտ. Մայքըլ Յակոբեան «Էմի» մրցանակին թեկնածու բեմադրող մըն էր եւ աւելի քան 160 մրցանակներու արժանացած է իր աշխատանքին համար: Ինք, իր կարգին Ցեղասպանութենէն վերապրող մըն էր եւ մահացաւ Դեկտեմբեր 2010ին, 97 տարեկանկին: