Հակառակ տիրող քաղաքական-ապահովական ծանր պայմաններուն՝ Հալէպի մէջ կը շարունակուին Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները

By Aleppo press office | Tuesday, 06 May 2014


Սուրիոյ մէջ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները 2014-ին նոր հանգրուան թեւակոխեցին: Մեր աւանդական ոգեկոչական Կեդրոնական ձեռնարկներուն կողքին, շարք մը այլ կարեւոր նախաձեռնութիւններ իրականացան եւ կը շարունակուին իրագործուիլ:

Գլխաւոր նախաձեռնութիւնը 24 Ապրիլ 2014-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանէն ներս կատարուած քննարկումն էր, ուր դատապարտուեցաւ 1915-ին Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Խորհրդարանը դրուատանքով արտայայտուեցաւ Սուրիոյ հայ քաղաքացիներու բարեհամբաւ վաստակին եւ ստեղծագործ աշխատանքին մասին:

Երկրորդ նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ Պաաս կուսակցութեան հովանաւորութեամբ, Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2014-ի կէսօրուան ժամը 12.00-ին, Հալէպի «Թըշրին» մշակութային սրահէն ներս: Ձեռնարկը զեկոյց եւ զրոյց էր «Օսմանցիներու Գործադրած Ցեղասպանութիւնները Պատմութեան Ընթացքին» բնաբանով:
Ձեռնարկին ներկայ էին Հալէպի նահանգապետը, Պաաս կուսակցութեան կուսակցապետը, քաղաքապետը, Մշակութային կեդրոնի տնօրէնը, Նահանգային խորհուրդի նախագահը, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի պատասխանատու մարմնի անդամները, բազմաթիւ Արհմիութիւններու Վարչութիւններու նախագահներ կամ ներկայացուցիչներ, եւ Սուրիոյ Հայ համայնքի համայնքապետ` Վեր.Յարութիւն Սելիմեան:

Զեկուցաբերներն էին` Պաաս կուսակցութեան Հալէպի պատասխանատու մարմնի անդամ` Մահէր Ալ Մուաքքէ, փաստաբան՝ Մարիա Գաբրիէլեան եւ լրագրող ու ուսումնասիրող՝ Սալբի Գասպարեան:

Պաաս կուսակցութեան ներկայացուցիչը (Մ.Մ.) իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած ոճիրներուն, առանձնապէս նշելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ան անդրադարձաւ թուրք ժողովուրդին եւ Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն, կոչ ուղղելով բոլորին միահամուռ ճիգերով դիմագրաւելու Սուրիոյ տագնապը, որուն գլխաւոր մեղսակիցներէն է Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը:
Սալբի Գասպարեան հանգամանօրէն ներկայացուց թուրք այլախոհներու կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ, յատկապէս մէջբերելով այլախոհ` Թանէր Աքչամի սերտողութիւններէն բաժիններ: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ թուրք կառավարութեան խտրողական քաղաքականութիւնը:
Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց Հայ Դատի իրաւական հիմքերը` միջազգային դաշնագիրներու եւ պայմանագիրներու առանցքներով: Ան շեշտադրեց պահանջատիրական գործընթացի գլխաւոր տուեալներու առկայութիւնը` որպէս հիմք Հայ Դատի հետապնդման աշխատնքներուն: Ապա լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման, վնասից հատուցման եւ հայկական հողերու վերատիրացման Հայ Դատի գլխաւոր սկզբունքները:
Զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցաւ զրոյց եւ պատմաքաղաքական հարցերու քննարկում:





Երրորդ նախաձեռնութիւնը կը հովանաւորէր Պաաս կուսակցութեան Հալէպի Պետական Համալսարանի Մարմինը: Ձեռնարկի կազմակերպումը յանձնուած էր Հալէպի Պետական Համալսարանի Մշակութային-Լրատուական Գրասենեակին եւ Համալսարանի Ուսանողական Միութեան:
Ձեռնարկը զեկուցական հանդիպում էր, որ կազմակերպուեցաւ 24 Ապրիլ 2014-ին, Հալէպի պետական համալսարանի բշժկական ճիւղի կեդրոնական լսարանէն ներս:
Ձեռնարկին ներկայ էին Սուրիոյ հայ երեք համայքնապետները, Բերիոյ Թեմի Ազգ.Վարչութեան անդամները, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի Պետական Համալսարանի մարմնի ներկայացուցիչն ու անդամները, Հալէպի պետական զանազան մարմիններէ ներկայացուցիչներ, համալսարանի դասախօսներ եւ մեծաթիւ ուսանողներ:
Ձեռնարկին հետեւեալ զեկոյցները ներկայացուեցան.-

ա.-Հայկական ցեղասպանութեան իրագործման պատմական տուեալները, որ մատուցուեցաւ ճարտարագիտական համալսարանի դասախօս Արտեմ Չիրիշեանի կողմէ:

բ.-Հայ Դատի պահանջատիրական աշխատանքի իրաւական հետապնդումը, զորս ներկայացուց փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան:

գ.-Հայկական Ցեղասպանութիւնը թուրք այլախոհներու ուսումնասիրութիւններուն մէջ, զորս ներկայացուց լրագրող Սալբի Գասպարեան:

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ` Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, որ ներկայացուց Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները, շեշտը դնելով միջազգային օրէնքներու համաձայն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն վրայ:

Ներկայութեան իմաստով զեկուցական հաւաքը ունէր բարձր մակարդակի լսարան, նկատի ունենալով բարձրակարգ պատասխանատու անձնաւորութիւններու կողքին, Հալէպի համալսարանի զանազան ճիւղերու գիտական բարձրաստիճան կոչում ունեցող մեծաթիւ դասախօսներու, տնօրէններու եւ գիտաշխատողներու ներկայութիւնը, որոնց կարելի եղաւ յստակօրէն փոխանցել Հայ Դատի մեր սկզբունքները, իրաւունքներն ու պահանջները:

Վերոնշեալ երկու ձեռնարկներէն ետք, տեղի ունեցան նոյն թեմաներով ցուցահանդէսներու բացումներ, կազմակերպուած միեւնոյն մարմիններուն կողմէ:

Կարճ ժամանակուան մէջ յաջողութեամբ ընթացած այս աշխատանքները նուաճում են Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն ուղղութեամբ, որ իրենց կարգին կ՛ամրապնդեն Դատի հետապնդման ընթացքին մեզի ուղղուած մարտահրաւէրներու դիմակալման հիմքերը եւ կը զօրացնեն հաստատուն քայլերով մեր յառաջընթացը:







comments

Advertisement