Սուրիահայութեան նուիրուած «ՀայԷյտ 3»ը 100,000 տոլար հանգանակեց

By Asbarez | Wednesday, 07 May 2014

 

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի (SARF) կազմակերպութեամբ «ՀայԷյտ 3» (HyeAID3) համերգը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ, Ապրիլ 29, 2014ին, հանգանակելով 100,000 տոլար՝ սուրիահայութեան համար: Իր պապենական հողերէն քեսապահայութեան տեղահանումէն ետք, որ պատահեցաւ Մարտ 21ին, այլ 100,000 տոլար մը ղրկուած էր քեսապահայութեան:

 


Համերգը սկսաւ Արամ Խաչատրեանի գործերու փունջով մը՝ նուագուած Արմէն Ահարոնեանի կողմէ դաշնակի վրայ, իր նուագախումբին ընկերակցութեամբ: Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց արուեստագիտուհի-լրագրող Նունէ Աւետիսեան, որ իր բացման խօսքը սկսաւ Վահան Թէքէեանի «Կ՛անձրեւէ Տղաս»ով.
Բայց կու լաս, տղա՛ս… Մութին մէջ յանկարծ
Ծանր արցունքներ աչքէդ կը գլորին…
Լա՛ց անմեղութեան արցունքը անդարձ,
Լա՛ց չգիտնալով, խեղճ, անգէտ տղա՛ս,
Խեղճ որսը կեանքին, ա՛հ, լա՛ց, որ մեծնաս…
Աւետիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ բոլոր հանդիսատեսներուն, ինչպէս նաեւ սիրայօժար կերպով համերգին մասնակցող բոլոր արուեստագէտներուն: Ան Պարոյր Սեւակի խօսքերով հաստատեց հայ ժողովուրդին կամքը՝ «Կա՛նք, պիտի լինե՛նք, ու դեռ շատանանք»:
«ՍԱՐՖ»ի գործադիր մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեան խօսք առնելով՝ յայտնեց. «Սուրիական տագնապի երկունքէն ի վեր, երրորդ անգամն ըլլալով հաւաքական ուխտով եւ զօրակցութեան փայլուն ու հրաշալի արտայայտութեամբ հաւաքուած ենք խուռներամ, անգամ մը եւս հաստատելու եւ բարձրաղաղակ հաւաստիացնելու՝ պատնէշի վրայ թէեւ արիւնաքամ, տեղահան եւ հարիւրամեայ Եղեռնը յիշող, կենցաղային անմարդկային պայմաններու տակ կոտտացող վէրքով, բայց տակաւին դիմադրող, դիմացող եւ տոկացող մեր սուրիահայ ազգակիցներուն, թէ մենք հո՛ս ենք: Թիկո՛ւնք ենք»:

 


Ան աւելցուց. «Մենք, երկրագունդի վրայ ծփացող զաւակները Հայկեան ցեղի, իրաւունք չունինք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակ ոգեկոչելու, եթէ հաւաքաբար մեր կամքի դնդերներու ամբողջ ուժգնութեամբ չպայքարինք տեղահան քեսապցին վերադարձնելու իր պապենական մայր հողին եւ կամ բնաջնջումի վտանգէն փրկելու մեր սուրիահայ բոլոր ազգակիցները»:
Ձեռնարկին ներկայ էին «ՍԱՐՖ»ի մաս կազմող եկեղեցիներու ղեկավարները՝ առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, նաեւ Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեան եւ վերապատուելի Հենտրիք Շահնազարեան: Մօտակայ շրջաններէն ներկայ եղող կղերականներու կողքին, Պոլիսէն ներկայ էր Հայոց պատրիարքարանի Կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան: Նաեւ, ներկայ էին կազմակերպչական ներկայացուցիչներ՝ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութենէն Անի Քէշիշեան եւ Շրջանայինէն՝ Լենա Պօզոյեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէէն Աւետիք Իզմիրլեան, Հայ Բարեգործական Ընդհ. Միութենէն Գրիգոր Քարակէօզեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութենէն Գաբրիէլ Մոլոյեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութենէն Յակոբ Նազարեան եւ Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութենէն Եսթեր Թոկնոցին:

 


Համերգը շատ հովանաւորներ ունէր: Ձեռնարկին ներկայ էր ընդհանուր հովանաւորը՝ «Կլենտէյլ Քիա» ընկերութեան տնօրէն Օննիկ Մեհրապեանն ու ընտանիքը:
Ծրագիրը շարունակուեցաւ երգերով, նուագով, պարերով ու բանաստեղծութիւններով՝ մասնակցութեամբ Ալին Արուստամեանի, Յարութ Ճեւելեկեանի, Սալբի Մայիլեանի, Արթիւր Մատոյեանի, Յարութ Յակոբեանի, Գագիկ Պատալեանի, Սամուէլ Սահակեանի, Հայբերդ Սարեանի եւ Անի Քրիսթիի: Յարութ Փամպուքճեան երգեց՝ միաժամանակ կիթառ նուագելով: Ռուբէն Յարութիւնեան տուտուկ նուագելով ընկերակցեցաւ «Քարաւան»ի պարողներուն: Պարեց նաեւ «Տայնամիք Տուօ»ն, իսկ Համազգայինի «Անի» եւ «Նայիրի» պարախումբերը ելոյթ ունեցան քանի մը պարերով:
Քեսապի նուիրուած «Կը Լսուին Ողբեր» Կայլակի բանաստեղծութիւնը կարդաց Նունէ Աետիսեանը: Իսկ վերջերս մահացած համբաւաւոր երաժիշտ Կոնստանտին Օրբելեանի (1928-2014) յիշատակին, Արմէն Ահարոնեան դաշնակի վրայ նուագեց անոր ստեղծագործութիւններէն:

 

 

(Թղթակից)


 

 

comments

Advertisement