Հոլանտացի Երեսփոխաններ Ցեղասպանութեան Հարցը Կ՛արծարծեն

By Արմէնփրէս | Monday, 05 September 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի թագաւորութեան խորհրդարանի կուսակցութեանց երեսփոխաններ, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին հարցումներ յղած են երկրի արտաքին գործոց նախարար Ուրի Ռոզենթալին: Ըստ «Nouvelles d’Armenie»ին, այդ կուսակցութիւններն են՝ Քրիստոնէական միութիւնը, Ընկերվարական կուսակցութիւնը, Բարեկարգչական կուսակցութիւնը եւ Յանուն ազատութեան կուսակցութիւնը:

Խորհրդարանականներուն ուղղուած իր պատասխան նամակին մէջ, նախարար Ռոզենթալ անդրադարձած է «1915ի սարսափելի իրադարձութիւններուն», ինչպէս նաեւ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան վերսկսման անհրաժեշտութեան», առանց օգտագործելու «ցեղասպանութիւն» եզրը:

Նկատի ունենալով, որ հոլանտացի քաղաքական գործիչները, ինչպէս նաեւ հոլանտական լրատուամիջոցները շարունակաբար չեն խուսափած օգտագործելէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը, որ նաեւ օգտագործուած է Հոլանտայի արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ ներկայիս փոխվարչապետ Մաքսիմ Վերհակենի կողմէ, խորհրդարանականներուն մօտ հարց յառաջացած է, թէ արդեօք նոր նախարարը տեղի տուա՞ծ է Թուրքիոյ ճնշումներուն:

Նշուած կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները պահանջած են նախարարէն, որ բացատրէ, թէ ինչո՞ւ ան չ՛օգտագործեր «ցեղասպանութիւն» բառը, եւ անոր փոխարէն կ՛օգտագործէ «իրադարձութիւններ» բառը:

Կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները յիշեցուցած են, որ երկրի խորհրդարանը միաձայնութեամբ որոշած է, թէ «Կառավարութիւնը Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու բանակցութեանց ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը օրակարգի վրայ պէտք է դնէ»:

Անոնք նաեւ հարց տուած են, թէ արդեօք Ռոզենթալ կը փափաքի՞ քննել Լա Հէյի կից Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի կառուցման հարցը:

Նախարար Ռոզենթալ գրած է, որ կառավարութիւնը համաձայն չէ Միջազգային քրէական դատարանին մօտակայքը նման յուշարձան մը կառուցելու գաղափարին:

Տեղական մամուլին մէջ հրապարակուած պատասխան յօդուածին մէջ, Քրիստոնէական միութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչները սուր քննադատութեան ենթարկած են նախարարին նամակը, եւ կոչ ըրած են անոր, որ «համարձակութիւն դրսեւորէ»:

Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւներու դաշնակցութիւնը, իր կարգին ողջունած է խորհրդարանականներուն քննադատական արձագանգը, եւ հիասթափութիւն յայտնած է նախարարին դիրքորոշման առնչութեամբ:

comments

Advertisement