By Asbarez | Monday, 12 May 2014

Կիրակի 11 Մայիսին, բուռն մարտեր տեղի ունեցան Քեսապի մօտակայ ռազմավարական Չալմա բարձունքին մօտ, որուն ընթացքին սուրիական բանակը եւ անոր սատարող աշխարհազօրային գունդերը ետ մղեցին Քեսապը գրաւած զինեալ խմբաւորումներու յարձակումները: Այս մասին հաղորդեց լիբանանեան «Մայատին» հեռատեսիլի կայանը: Ժամերով տեւած բուռն բախումներուն ընթացքին սուրիական բանակը օգտագործեց իր օդուժը: Բախումներուն ընթացքին սպաննուեցան 14 զինեալներ, որոնց շարքին «Անսար Ալ Շամ»ի հրամանատարներէն մէկը: Սուրիական բանակը նոյնպէս տուած է զոհեր, որոնց շարքին սուրիական բանակի զինակից քեսապահայ Վարդան Անտրեան: Նոյն մարտերուն վիրաւորուած է քեսապահայ Սարօ Պապուճեան:
Միւս կողմէ, դարձեալ Կիրակի, 11 Մայիս 2014ին, Նոր Գիւղի մէջ, կազի շիշերէ պատրաստուած հրթիռի պատճառով նահատակուած է բանակի կողքին ծառայող Յակոբ Գրտանեանը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan