By Asbarez | Friday, 16 May 2014

Յայտնի թուրք լրագրող ու հրատարակիչ Օսման Քէօքեր հրատարակած է «Անթաքիա, Իսքենտէրուն, Մուսա-Տաղ» գիրքը՝ նոր խմբագրութեամբ: Գիրքը կը պատմէ Մուսա լերան հերոսական պաշտպանութեան մասին. հոն ներկայացուած են մինչեւ 1915՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կեանքին վերաբերող լուսանկարներ, բացիկներու եւ փաստաթուղթերու հաւաքածոներ՝ Օրլանտօ Գարլօ Գոլումելոյի հաւաքածոյէն: Այս մասին կը գրէ Պոլսոյ «Ակօս» թերթը:
Գիրքին մէջ ներկայացուած են եզակի լուսանկարներ՝ Ալեքսանտրէթի, Անտիոքի եւ Մուսա լերան ստորոտի գիւղերու հայութեան կեանքին մասին:
Օսման Քէօքեր նաեւ կը մէջբերէ Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւններ, մասնաւորապէս՝ Մարաշի Բողոքական եկեղեցւոյ հովիւ Տիգրան Անդրէասեանի վկայութիւնը, որ մանրամասն կը նկարագրէ լերան պաշտպանութեան ընթացքը:
1915ի Սեպտեմբեր 14ին, 4058 հայ, երկօրեայ նաւարկութենէ ետք՝ հասաւ Եգիպտոսի Փօր Սայիտ նաւահանգիստը: Անոնց ժամանակաւորապէս թոյլ տրուեցաւ մնալ ճամբարի մէջ, մինչեւ ապաստան գտնելը: 1921ին, ոմանք վերադարձան Ալեքսանտրէթ, որ օրին ֆրանսական իրաւարարութեան տակ կը գտնուէր, սակայն ֆրանսացիներու հեռացումէն անմիջապէս ետք՝ անոնք դարձեալ հեռացան: 1939էն ի վեր, անոնք կ՛ապրին Հաթայ գաւառի Թուրքիոյ միակ հայկական Վագըֆ գիւղը:
Առաջին անգամ Քէօքեր Պոլսոյ մէջ ուշադրութեան արժանացաւ իր աննախադէպ «Սիրելի Եղբօրս» ցուցահանդէսով, ուր ներկայացուեցան լուսանկարներ՝ Գալումենոյի հաւաքածոներէն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու կեանքին մասին՝ մինչեւ 1915 թուականը:
Ցուցահանդէսը ցուցադրուած է նաեւ Փարիզի, Միւնիխի, Քէօլնի, Ֆրանքֆուրթի ու Երեւանի մէջ: Քէօքեր նաեւ «Հայերը Թուրքիոյ Մէջ՝ 100 Տարի Առաջ» գիրքի հեղինակն է, որուն հարիւրաւոր լուսանկարները կը պատմեն, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս ապրած են հայերը Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ, մինչեւ Ցեղասպանութիւն:
1996ին, Քէօքեր մասնակցած է հաստատմանը «Ակօս» եւ «Արազ» հայ-թրքական օրաթերթերու հրատարակչութեանց, ուր նաեւ տպագրուած են հայերէն գիրքեր՝ թարգմանուած թրքերէնէ:
Օսման Քէօքեր Օսմանեան կայսրութեան սուլթաններու յայտնի ճարտարապետ՝ ծագումով հայ Սինանի ընտանիքէն է:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan