By Asbarez | Friday, 16 May 2014

Կիրակի, 11 Մայիսի կէսօրին, 50 տարուայ ընդհատումէ ետք Նիկոսիոյ հին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցական արարողութիւն կատարուեցաւ, հանդիսապետութեամբ կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանի: Նիկոսիոյ գրաւեալ բաժինին մէջ գտնուող եկեղեցին վերջին տարիներուն հիմնովին վերանորոգուած էր UNDP-ի եւUSAID-ի կողմէ:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչը, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու դեսպաններ, Կիպրոսի զանազան կրօններու եւ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչ հոգեւորականներ եւ բազմաթիւ կիպրահայեր:
Վարուժան սրբազան իր քարոզին մէջ նշեց. «Հազար փառք կու տանք Աստուծոյ, որ այս պահը շնորհեց մեզի. առիթ տուաւ որ այս տաճարին մէջ, ուր դարեր շարունակ հնչեց մեր հայրերուն աղօթքն ու շարականը, ուր բազմահազար մանուկներ մկրտուեցան, բազմաթիւ զոյգեր պսակուեցան եւ շատեր այս տաճարէն յուղարկաւորուեցան դէպի յաւիտենական կեանք ասկէ յիսուն տարիներ առաջ, երբ անիկա պարպուեցաւ եւ անտէր վիճակի մատնուեցաւ: Յիսուն տարիներ ետք, ահա կը տեսնենք, որ Աստուծոյ սէրը դարձեալ կը նուաճէ մարդոց սիրտերը եւ բազմածախս ու տարիներ տեւող վերանորոգութենէ ետք, ահա մեր հայրերուն նոյն աղօթքը եւ շարականները անգամ մը եւս կը հնչեն անոր կամարներուն տակ»:
Արարողութեան աւարտին խօսք առաւ նաեւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիր Վարդգէս Մահտեսեան, որ անգլերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնց ճիգերուն եւ յատկացումներուն շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել եկեղեցւոյ վերանորոգումը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan