«Մեծ Մայրս Հայ Է» ըսելը բաւարար չէ Հայ նկատուելու համար. Արամ Աթէշեան

By Asbarez | Wednesday, 21 May 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Կարելի չէ յստակացնել, թէ որքա՛ն կրօնափոխ հայ ընտանիքներ կան Թուրքիոյ մէջ, քանի որ տարբեր աղբիւրներ տարբեր թիւեր գտած են շրջանառութեան մէջ:


«Սիվիլնեթ»ի տուեալներով՝ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ 1931ին կազմուած յատուկ արձանագրութեանց մէջ, 1950ին իրականացուած ճշդումներուն հիման վրայ կան հետեւեալ թիւերը, որոնք յարաբերական են, որովհետեւ, անոնք հիմնուած են ականատեսներու յիշողութեան վրայ կամ իրարու դէմ լարուած քրտական ցեղախումբերու ներկայացուցիչներու այն միտումին վրայ, թէ՝ բոլոր թշնամի ընտանիքները «կրօնափոխ հայ» կը համարուին: Նոյնը կ՛ընեն նաեւ թուրք ոստիկանները:

Ահա այդ տուեալները. Մարատենիզ-արեւելք եւ Արդուին՝ 9200 ընտանիք, Տիգրանակերտ՝ 1000 ընտանիք, Մալաթիա՝ 3650 ընտանիք, Կեսարիա՝ 5000 ընտանիք, Էլազիկ՝ 1000, Վան՝ 4000, Տերսիմ՝ 2000, Սղերդ՝ 1200, Ուրֆա՝ 3500, Անտիոք՝ 1100, Պիթլիս (Բաղէշ)՝ 200, Էրզրում (Կարին)՝ 3000, Երզնկա՝ 1300, Սեբաստիա՝ 2000, Մարաշ՝ 3000, Ատըեաման՝ 1600, Ատանա՝ 2000, իսկ Մերսին եւ Տարսուս՝ 1200 ընտանիք:

Սակայն, Թուրքիոյ հարաւարեւելքի քիւրտերուն մօտ նորոյթ դարձած է իբրեւ իսլամացած հայ ընտանիքի սերունդ ներկայանալը: Երբ Սփիւռքէն կամ Հայաստանէն ոեւէ հայու հանդիպին կամ՝ ոեւէ իրաւապաշտպանի կամ միջազգային կառոյցի ներկայացուցիչներու, իսկոյն կը ներկայանան՝ ըսելով. «Իմ պապերն ու տատերը 1915ի Եղեռնէն խուսափելու համար իսլամութիւնը ընդունած են», առանց որեւէ հիմնաւորումի:

Անոնք կը փորձեն հայկական եկեղեցիէ փաստաթուղթ ստանալ՝ հաստատելու համար, թէ իրենք հայ են, սակայն չեն փափաքիր քրիստոնէութիւն ընդունիլ:
Ինչո՞ւ ներկայիս քիւրտերուն համար այդքա՛ն շահաւէտ է հայ ներկայանալը: Նախ՝ անոնք կրնան կապեր հաստատել Ամերիկա կամ Եւրոպա ապրող սփիւռքահայերու հետ, որպէսզի յետագային համատեղ առեւտուր ընեն կամ այցելութիւններ իրականացնեն: Կան նաեւ քիւրտ ընտանիքներ, որոնք ամենամսեայ նիւթական հովանաւորութիւն ապահոված են «զգայուն» սփիւռքահայերէ:

Միւս կողմէ, եթէ քիւրտ ընտանիք մը յաջողի հիմնաւորել, թէ ինք ծպտեալ քրիստոնեայ է եւ կը վախնայ այդ իրողութիւնը բացայայտելէ, ապա կրնայ ապաստանեալի կարգավիճակ ստանալ Գերմանիայէն: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, այս շաբաթ գտնուելով Հայաստան՝ հարցազրոյց մը տուած էր «Սիվիլնեթ»ին եւ յայտարարած. ««Իմ մեծ մայրս հայ է» ըսելը ես հայ ըլլալ չեմ համարեր»:


comments