By Asbarez | Monday, 26 May 2014

Սուրիոյ ապրած եռամեայ տագնապին բերումով, սուրիահայութեան դժուարութիւնները կը շարունակուին բաւական ծանր պայմաններու մէջ:
Սուրիահայութեան բաղադրիչ բոլոր կողմերը ընդգրկող` Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը, իրեն փոխանցուած բոլոր օժանդակութիւնները, միասնականութեան սկզբունքով եւ ՍՇՕՎՄի Ուղեցոյցով առաջնորդուելով` գործող հինգ Գործադիր Մարմիններուն ճամբով կը տրամադրէ կարիքաւոր ազգակիցներուն, փորձելով թեթեւցնել անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Քեսապի պարպումով եւ տեղահանութեան հետեւանքով, յատկապէս Լաթաքիոյ մէջ ապաստան գտած մեր բոլոր հայրենակիցները եւս, ՍՇՕՎՄի նիւթաբարոյական օժանդակութեան ներքեւ կը գտնուին:
Այսօր, սուրիաբնակ սուրիահայութիւնը, յատկապէս Հալէպի, Ծովափի եւ Հոմսի շրջաններու մէջ, որեւէ ժամանակէ աւելի նեղութեան ու տագնապի մէջ կը գտնուին, որուն համար մեր հայրենակիցներէն կ՛ակնկալուի նոր աշխուժութեամբ անհրաժեշտ օգնութիւն հասցնել մի միայն ՍՇՕՎՄիս, որպէսզի Մարմինս շրջաններու կարիքներուն համաձայն, իր տնօրինմամբ կատարէ օժանդակութեան փոխանցումը համապատասխան Գործադիրներուն:
Կրկին կը յիշեցնենք ՍՇՕՎՄի դրամատնային հաշուեհամարը.-
Bank: FRANSABANK SAL, Antelias Branch, Lebanon
Account Name: CATHOLICOSSAT ARMENIEN DE CILICIE
IBAN #: LB87 0001 0002 4753 8500 0030 3501
Swift Code: FSAB LBBX
Address: Catholicossat Armenien De Cilicie
P.O. Box: 70317
Antelias-Lebanon
ՍՈԻՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan