Ուրուկուէյի Մէջ Ցեղասպանութեան Թանգարան Ստեղծելու Առաջարկ

By Asbarez | Sunday, 18 September 2011

ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Ուրուկուէյի «Կոմիտաս» ձայնասփիւռի կայանէն Կարօ Հեքիմեան կը տեղեկացնէ, թէ անցնող շաբաթավերջին կայացած եւ Ուրուկուէյ-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբին ու Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած խորհրդաժողովին ընթացքին երկու կարեւոր յայտարարութիւններ կատարուած են:

Անոնցմէ առաջինը արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի յայտարարութիւնն էր, զոր հաղորդեցինք մեր Շաբաթ օրուան թիւով, իսկ երկրորդը կատարուած է պատգամաւոր Ռաֆայէլ Միքելինիի կողմէ: Ան առաջարկած է պետական ամավարկին մէջ ներառել Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի մը ստեղծումը՝ պետութեան կողմէ տրամադրուելիք շէնքի մը մէջ, որ պէտք է ունենայ նաեւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն մը: Ան յայտնած է, թէ առաջարկը յառաջիկայ խորհրդարանի նիստի օրակարգին պիտի դրուի:

comments

Advertisement