Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

By Asbarez | Sunday, 18 September 2011

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10ին, Պիքֆայայի Մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր:

Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նոր ծաւալ տալու եւ Սփիւռքը վերակազմակերպելու, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի անկախութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

comments

Advertisement