Պոլսոյ պատրիարքարանը կողոպտուած է

By Asbarez | Thursday, 05 June 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սապահ» թերթը Չորեքշաբթի, Յունիս 4ին կը հաղորդէ, թէ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան «Սանասարեան խան»ի հարցով կողոպտուած է՝ ինքզինք իբրեւ վարչապետարանի ազգային կալուածներու քննիչ ծանօթացնող մէկու մը կողմէ։ Բայց դէպքը նոր չէ, այլ պատահած է անցեալ տարի: Այսպէս՝


«Արամ սրբազան, 2013ի Յուլիսին մասնակցած էր վարչապետին կողմէ սարքուած ճաշկերոյթի մը ու հոն խօսած էր «Սանասարեան խան»ի մասին։ Վարչապետը խոստացած էր ամէն տեսակ օժանդակութիւն ցոյց տալ։ Այդ հանդիպումէն երկու-երեք օր ետք, անծանօթ մը ներկայացած է իրեն, ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ վարչապետարանի ազգային կալուածներու քննիչ եւ ըսած է, որ ինք կրնար հետապնդել «Սանասարեան խան»ի հարցը, իսկ կալուածաթուղթերու ծախսին փոխարէն՝ 6000 լիրա պահանջած է ու պատրիարքարանէն այդ գումարը ստացած է։ Արամ սրբազան աւելի ուշ կապ հաստատած է վարչապետարանին հետ ու հասկցած, որ կողոպտուած էր։ Այնուհետեւ, յիշեալ անձը, որ կը կոչուէր Քեմալ Թայֆուն Ն., ձերբակալուած է ու անոր դէմ դատ բացուած է՝ 7 տարուն բանտարկութեան պահանջով»:
Այս մասին «Մարմարա» կապ հաստատած է Արամ սրբազանի հետ, որ իր կարգին ըսած է, որ թէեւ այդպիսի դէպք մը պատահած էր, ատիկա որեւէ վնաս չէ պատճառած «Սանասարեան խան»ի խնդիրի հետապնդման, այլ պարզապէս նիւթական կորուստ մը եղած է։


comments

Advertisement