Իսլամ արմատական զինեալներ Ռաքքայի մէջ կը գրաւեն Հայերու կալուածները

By Asbarez | Friday, 06 June 2014

Վատիկանի «Աճենսիա Ֆիտես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) զինեալները, Յունիս 1ին, Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքի մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած Այն ալ-Իսա շրջանին մէջ գրաւած են հայ ընտանիքներու պատկանող տուներն ու հողերը: Ըստ քրտական աղբիւրներու, իսլամականները գրաւուած կալուածներու սեփականատէրերուն ստիպած են շրջանէն հեռանալ:


Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող Ռաքքա քաղաքը եւ անոր շրջակայքի բնակավայրերը երկար ատենէ ի վեր կը գտնուին ՏԱՀԵՇի ժիհատականներուն վերահսկողութեան տակ, որոնք արդէն նահանգի մայրաքաղաքին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին վերածած են իսլամական հարցերու կարգաւորման եւ իսլամական օրէնքի ջատագովման գրասենեակի: Անցեալին, ՏԱՀԵՇ շրջանին մէջ հրկիզած է աստուածաշունչեր եւ քրիստոնէական գիրքեր:

Անցեալ Օգոստոսէն ի վեր Ռաքքայի մէջ անյայտացած Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Փաօլօ Տալլ՛Օկլիոյի առեւանգումը կը վերագրուի այս խմբաւորման: 2014ի սկիզբը այլ զինեալ խմբաւորումներ բախում ունեցան ՏԱՀԵՇի զինեալներուն հետ: Վերջիններս անկախ աղբիւրներու կողմէ կ՛ամբաստանուին շրջանի ամբողջ բնակչութեան բռնաճնշող եւ բիրտ վարչակարգ մը պարտադրելու համար:


comments

Advertisement