Սուրիական բանակը թէժ մարտեր կը մղէ Քեսապի մերձակայքը

By Asbarez | Monday, 09 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սուրիական բանակը թէժ մարտեր կը մղէ իսլամական խմբաւորումներուն դէմ Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող Քեսապ գիւղաքաղաքի Ճապալ Չալմա շրջանին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Լաթաքիոյ տեղեկատուական ցանց» Դիմատետրի էջը, որ կ՛աւելցնէ, թէ բանակը կը ռմբակոծէ զինեալներուն յենակէտերը:

Բացի ատկէ, բանակը յարձակումներ կը կատարէ Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող Հարասթայի շրջանին մէջ՝ զինեալներու հաւաքավայրերու ուղղութեամբ: Ռազմական գործողութիւններ կատարելու նպատակով Հարասթա քաղաքին մէջ յայտնաբերուած է 300 մեթր երկարութեամբ եւ 14 մեթր խորութեամբ փապուղի, որ լուսաւորուած եւ օդափոխիչներով օժտուած էր. այնտեղ գտնուած են տարբեր տեսակի պայթուցիկ սարքաւորումներ, որոնք վնասազերծուած են:

Միւս կողմէ բախումները կը շարունակուին Հալէպի թաղամասերուն մէջ եւ մերձակայ գիւղերուն մէջ: Յատկապէս յարձակման թիրախ կը դառնան Պուսթան ալ Քասր, Պոսթան Փաշա, Լիրմուն, Շէյխ Սայիտ թաղամասերը։

Անցեալ Շաբաթ օր, Հալէպի Սիւլէյմանիէի մայր Փողոցին վրայ կատարուած հրթիռարձակումին պատճառով զոհուած էր է 1982ի ծնունդ Կարօ Աստուրեանը: Ան անդամ էր ՀՄԸՄի եւ մաս կը կազմէր շեփորախումբին՝ իբրեւ նուագող, ապա՝ պատասխանատու:

Արձանագրուած են նաեւ վիրաւորներ, որոնց կարգին նաեւ հայեր՝ Պայծիկ Մելքոնեան-Չերչեան եւ Յակոբ Սեմերճեան:

Անցեալ Կիրակի, Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Յունիս 1ի ռմբակոծումներէն վիրաւորուած Լեւոն Չէրչեանը (ծնած 1963ին):

 


comments