Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեանը Հրանդ Տինքի սպանութեան գծով բացատրութիւններ կ՛ուզէ դատախազէն

By Asbarez | Monday, 09 June 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը, որ կը շարունակուի զանազան վերիվայրումներով եւ, որ կը թուի թէ տակաւին շատ հեռու է բուն պատասխանատուները երեւան հանելէ ու պատժելէ, նորութիւն մը եւս արձանագրեց։

Արդարեւ, Սահմանադրական ատեանը, անսալով Տինքի ընտանիքի դիմումին, դատախազութեան հարցուց, թէ այս սպանութեան յանցագործները բացայայտելու վերաբերեալ մինչեւ հիմա ի՞նչ կատարուած է։ Հարցը կը վերաբերի այն պաշտօնատարներուն ու հանրային գործիչներուն, որոնք Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ պատասխանատուութիւններ ունին եւ որոնց շուրջ սակայն նախապէս մերժուած էր հարցաքննութիւն բանալ, կուսակալութեան ընդդիմութեան պատճառով:
Հրանդ Տինքի ընտանիքը եւ փաստաբանները դիմած էին Սահմանադրական ատեան եւ ատեանը այս դիմումին ընդառաջելով, երեք էջերէ բաղկացած գրութիւն մը ղրկեց Տինքի դատավարութեամբ զբաղող նորընտիր դատախազ Եուսուֆ Հաքքը Տողանին եւ հարցումներ ուղղեց հարցաքննութեան արդիւնքին եւ մինչեւ հիմա կատարուածներու մասին։

Դատախազը, պատասխանելով Սահմանադրական ատեանի նամակին, բացատրած է մինչեւ հիմա արձանագրուած հանգրուանները, դիտել տալով, որ թղթածրարը ամբողջացուած է Ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան նամակներով, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի Մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբի եւ նման այլ հաստատութիւններու կողմէ Տինքի սպանութեան մասին պատրաստուած տեղեկագիրներով։

Տինքի ընտանիքին փաստաբաններէն Հաքան Պաքըրճըօղլու ըսաւ, որ հիմա չեն գիտեր, թէ Սահմանադրական ատեանը երբ որոշումի մը կը յանգի, բայց ատեանը կրնայ որոշել, թէ կասկածելիներուն մասին բաւականաչափ հետաքննութիւն չէ կատարուած եւ այն ատեն այս որոշումը պարտադիր պիտի ըլլայ դատախազին համար եւ դատախազը պիտի ստիպուի նոր դատեր բանալ կասկածելիներու դէմ։

 


comments