Տերսիմի մէջ Հայկական գիւղ հիմնելու ծրագիր

By Asbarez | Monday, 09 June 2014

 

 

ԵՐԵՒԱՆ.- «Ակունք» կայքին վրայ Մելինէ Անումեան կը գրէ, թէ Տերսիմի մէջ, Վաքըֆ հայաբնակ գիւղին նման, բացառապէս հայերով բնակեցուած գիւղ մը պիտի հիմնուի:

Տերսիմի հայերու հաւատքի եւ ընկերային փոխօգնութեան միութեան նախագահ Իսմայիլ Ճեմ Հալավուրթ այս մասին տեղեկութիւններ հաղորդած է Պոլսոյ Գում Գափու թաղամասի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած տերսիմահայերու հաւաքի մը ընթացքին: Շուրջ 250 հոգիի մասնակցութեամբ կայացած երեկոյթին մասնակցած են նաեւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան, Սասունի հայերու միութեան նախագահ Արամ Տեմիր, Գում Գափուի հայ ղեկավարներէն Արուշ Թաշ, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ տերսիմահայեր:

Իսմայիլ Ճեմ Հալավուրթ յայտնած է, թէ միութիւնը կը ծրագրէ վերանորոգել եւ վերաբանալ 1938ի Տերսիմի ջարդերուն ընթացքին ռմբակոծուած Հալվորի Սուրբ Կարապետ հայկական վանքը:

Հալավուրթի ելոյթին ամէնէն ուշագրաւ նիւթը հայկական գիւղի մասին ծրագիրն էր:

Տերսիմահայերու միութեան նախագահը ըսած է. «Երկարաժամկէտ ծրագիրով կը պատրաստուինք հայկական գիւղ մը հիմնել Տերսիմի մէջ, որ ստեղծուելիք տնտեսական համաձեռնարկութիւններուն միջոցով պիտի կարենայ ապահովել ինքն իրեն: Այդ գիւղը Անատոլուի մէջ (Արեւմտեան Հայաստան) խորհրդանշական պիտի դառնայ եւ պիտի ըլլայ զուտ հայաբնակ երկրորդ հայկական գիւղը՝ Վաքըֆլըէն ետք»:

 

Միութիւնը յառաջիկայ տարիներուն նաեւ 4-5 օրերու ուխտագնացութիւններ պիտի կատարէ դէպի Տերսիմ, ամրապնդելու համար հայրենի հողէն հեռացած տերսիմցիներու կապը իրենց ծննդավայրին հետ:

Նշելով, որ Տերսիմը հայկական օջախ եղած է՝ Հալաւվուրթ շեշտած է. «1915ին եւ անկէ ետք տեղի ունեցած դէպքերուն հետեւանքով սպաննուածներու հոգիները սկսած են խաղաղութիւն գտնելու: Մեր միութիւնը, իբրեւ Անատոլիա ապրած հայ ժողովուրդի մէկ փոքրիկ մասնիկ, պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ իր հողին, անցեալին եւ ինքնութեան»:

Երեկոյթին մասնակցած է նաեւ համշենահայերու «Վովա» խումբը, որ հանդէս եկած է համշենական երգերով:

 


comments

Advertisement