
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Յունիս 5ին, Պոլոյ Հայոց պատրիարքարանի կարգադրութեամբ, Գումգաբուի «Արթին Ամիրա Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, այժմ Հայաստանի «Սիվիլիթաս» հիմնարկի հիմնադիր եւ երեսփոխան Վարդան Ոսկանեանի նորատիպ գիրքի ծանօթացման ընդունելութիւնը։
Վարդան Ոսկանեան, որ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ մեծ վաստակ ունի, իր յուշերը ամփոփած է ուշագրաւ հատորի մը մէջ, որ կոչուած է «Անկախութեան Ճանապարհով»։ Գիրքին հետաքրքրական ենթախորագիրն է՝ «Փոքր Երկրի, Մեծ Մարտահրաւէրներ»։
Գիրքի ծանօթացումը, որ կազմակերպուած էր «Սիվիլիթաս»ի Պոլսոյ կեդրոնին կողմէ, հետաքրքրական դարձաւ անով, որ հեղինակը ներկայ գտնուեցաւ, ստորագրեց իր գիրքը ու պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։ Ոսկանեան, որ Հինգշաբթի առաւօտ Պոլիս ժամանեց իր կնոջ՝ Նանի Ոսկանեանի, ու Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Սալբի Ղազարեանի ընկերակցութեամբ, ողջունուեցաւ գրասէրներու կոկիկ բազմութեան կողմէ։ Հրաւիրեալները առիթն ունեցան ծանօթանալու նախկին նախարարին։ Ներկայ էր պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան։ Կազմակերպուած էր պատշաճ հիւրասիրութիւն մը այս առթիւ։
Հաւաքոյթին բացումը կատարեց Սալբի Ղազարեան, որ ըսաւ, թէ Թուրքիոյ հայութիւնը Սփիւռք չէ, որովհետեւ հայութիւնը հոս հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է։ Այժմ գործակցութեան մթնոլորտ ստեղծուած է թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ եւ հիմա պէտք է լաւագոյնս օգտագործել այդ գործակցութիւնը։ «Պէտք է բացատրենք, որ մենք այս երկիրին մէկ մասնիկը կը կազմենք», ըսաւ ան։
Ապա խօսքը տրուեցաւ Ոսկանեանին, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց «Սիվիլիթաս»ի մասին եւ աւելցուց. «Ես վստահ եմ, որ մեր յարաբերութիւնը աւելի՛ պիտի խորանայ համայնքի ու թուրք գործընկերներու հետ, որքա՛ն մերձենան մեր յարաբերութիւնները»։ Ան բացատրութիւններ տուաւ իր գիրքին մասին՝ նշելով. «Բովանդակութիւնը կը բաղկանայ յուշերէ. ա-սիկա կերպով մը իմ գործունէութեան հաշուետուութիւնն է։ Այս գիրքը մեր պետականութեան համար նախադէպ է, թերեւս ուրիշ մը նմանօրինակ յուշեր գրի առած չէ: Պարտաւոր նկատեցի գրել իմ յուշերը ու զանոնք հասանելի դարձնել յաջորդ սերունդներուն, որովհետեւ ամէն ինչ չէ որ գոյութիւն ունի արխիւներու մէջ, յատկապէս, որովհետեւ այդ շրջանին կային սահմանափակումներ ու կարելի չէր խօսիլ ամէն բանի մասին։ Բայց հիմա տարբեր է։ Մենք համակարծիք ենք, որ մեր դժուար հարցերը լուծուին երկխօսութեան ձեւով. զէնքն ու պատերազմը ամենավերջին միջոցը պէտք է նկատուին։ Այս գիրքը նաեւ փաստաթուղթ մըն է յետագայ դիւանագէտներուն համար։ Գիրքին մէջ կարեւոր բաժիններ կան հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մասին։ Մէկ կողմէ Թուրքիոյ կառավարութեան հետ բարդ պատմութեան բեռը ունինք մեր ուսերուն վրայ, միւս կողմէ ալ ունինք ցանկութիւն ու ձգտում՝ խաղաղ գոյակցութիւն ապահովելու։ Մենք յոյս ունինք, որ պիտի կարենանք մեր հարեւան Թուրքիոյ հետ յաղթահարել առկայ դժուարութիւնները»։
Ապա օրուան հիւրը անդրադարձաւ Ղարաբաղի հարցին, յիշեցուց, որ պատերազմը դժուարացուց Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ կապերը։ «Ցեղասպանութեան հարցին մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է ու անկեղծ ու համարձակ յայտարարութիւններ կը կատարուին», աւելցուց ան։
Այնուհետեւ, խօսք առաւ Արամ սրբազան, որ ողջունեց հիւր քաղաքագէտին ներկայութիւնը եւ ըսաւ, որ «Սիվիլիթաս»ը եկած է Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ կամուրջ մը ըլլալու նպատակով։ Ան յանձնարարեց «Սիվիլիթաս»ի ներկայացուցիչներուն, որ անոնք «իրենց ջուրերը բուն աղբիւրէն առնեն, այսինքն՝ արժանահաւատ աղբիւրներէ ստանան իրենց լուրերը, որպէսզի ճշմարտութիւնը փոխանցած ըլլան»։ Ան եւս կրկնեց, որ թրքահայութիւնը Սփիւռք չի նկատուիր, ապա յաջողութիւն մաղթեց «Սիվիլիթաս»ի գործունէութեան։
Բոլոր ներկաները խորհրդակցեցան նախկին նախարարին հետ, եւ տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրում։