Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի մամլոյ հաղորդագրութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 11 June 2014

 

ՍՕԽի Նոր Գիւղի ընկերաբժշկական կեդրոնը եղած է միշտ մարմնաւորումը ՍՕԽի բազմաբնոյթ եւ մանաւանդ ընկերային ծառայութեան աշխատանքին, որուն միջոցաւ վստահութիւն եւ յարգանք պարտադրած է ամբողջ շրջապատին:


Փաստօրէն, երկրիս եւ մանաւանդ քաղաքիս երեքամեայ արտակարգ իրավիճակը, Նոր Գիւղ թաղամասին, որպէս «տաք գօտի» յայտնուիլը ոչ մէկ ձեւով կրցաւ ընկրկում պարտադրել ՍՕԽի Շրջանային վարչութեան եւ գործող ներկայ անձնակազմերուն, որոնք արհամարհելով ամէն վտանգ, հրասանդ ըլլայ անիկա կամ դիպուկահար իրենց ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրին՝ հասնելու համար ժողովուրդին առողջապահական եւ խնամատարական կարիքներուն:

Այսօր սակայն, երբ 1,2 եւ 3 Յունիս 2014ի ռմբակոծումները թիրախ դարձուցին Նոր Գիւղի շրջանը՝ լրիւ քանդելով եւ աւերակոյտի դարձնելով բնակելի տարածքներ եւ ազգապատկան կալուածներ, մեծապէս տուժեց եւ անապահով վիճակի ենթարկուեցաւ նաեւ ՍՕԽի ընկերաբժշկական կեդրոնը, մասնաւորապէս դարմանատունն ու վարչական գրասենեակները, ուր դռներ, պատուհաններ, կահոյք ու կազմածներ մեծ վնասներ կրեցին:

Այս իրավիճակը, նիւթական վնասներէն բացի, անհնար դարձուց աշխատանքը ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս: Այս պատճառով, ՍՕԽի Շրջանային վարչութիւնը ցաւով կը յայտնէ, թէ ընկերաբժշկական կեդրոնը ժամանակաւորապէս կը դադրեցնէ իր ծառայութիւնները, համոզուած, որ մօտիկ ապագային հաւաքական ճիգերով պիտի կարողանայ կեանքի կոչել կանացի այս հսկայ ամրոցը:

ՍՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ



comments