Ջուղայի հայկական գերեզմանատան դէմ ազերիներու բարբարոսութիւնը ցոյց տուող պրակ մը բաժնուեցաւ Աթէնքի համերգասրահը մուտք գործող բոլոր հրաւիրեալներուն, որոնց կարգին՝ օտար դիւանագիտական եւ յոյն գործարարական ու հասարակական միութեանց շրջանակներու:
Ատրպէյճանի քարոզչութիւնը յոյն հասարակութեան մօտ յաջողցնելու համար, վերջերս կարգ մը մշակութային բնոյթի ձեռնարկներու իրագործումը կը կատարուի Յունաստանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութեան կամ անոր կից գործող միութիւններու կողմէ:
Այս ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 6 Յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ատրպէյճանական դասական երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը, Աթէնքի համերգասրահէն ներս, ուր հրաւիրուած էին մասնակցելու օտար դիւանագէտներ եւ յոյն գործարարական ու հասարակական միութեանց շրջանակներ: Նշենք, որ ծախսալից սոյն համերգին մուտքը ազատ էր:
Յոյն հասարակութեան մօտ ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ բարբարոսական արարքները բացայայտելու նպատակով, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամներ ներկայ գտնուեցան Աթէնքի համերգասրահի մուտքին՝ ձեռնարկին ներկայ եղող յոյն հասարակութեան բաժնելով յատկապէս պատրաստուած պրակ մը, որուն մէջ կը ներկայացուէր æուղայի հայկական գերեզմանատան բնաջնջման բարբարոսութիւնը եւ լոյս կը սփռուէր ատրպէյճանական գռեհիկ արարքներուն վրայ:
ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամները կանուխէն դիրք գրաւեցին համերգասրահի մուտքին, 1000է աւելի պրակներ բաժնելով ներկաներուն: Քիչ չանցած, ատրպէյճանցի պաշտօնատարներ նկատելով եղածը, դուրս եկան համերգասրահէն, ապահովութեան ուժերու ընկերակցութեամբ պահանջեցին, որ դադրի պրակներու ցրուումը եւ հայ երիտասարդներու հեռացումը: Այսուհանդերձ, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամները մերժեցին հեռանալ կամ դադրեցնել ցրուումը, նոյնիսկ՝ երբ վրայ հասան ոստիկանական եւ ապահովութեան յատուկ ջոկատներու ուժերը, անոնք բացատրեցին, թէ իրենք խաղաղ նախաձեռնութիւն մը կ՛իրագործեն, ժողովուրդին տեղեակ պահելու համար, թէ որո՛ւ համերգը եկած են լսելու:
Ոստիկանական ուժերը հետզհետէ խստացուցին իրենց կեցուածքը՝ դիմելով ձերբակալութեանց եւ փորձելով սպառնալ ու հեռացնել երիտասարդները:
ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամներու նախաձեռնութիւնը իր նպատակին հասաւ, յոյն եւ օտար շրջանակներուն
բացայայտօրէն ներկայացնելով Ատրպէյճանի իսկական երեսը, երբ անիկա ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս մշակութասէր պետութիւն, բայց նոյն պահուն կատաղութեամբ կ՛ոչնչացնէ աշխարհի մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող հայկական թանկագին կոթողներ: