Հալէպի Որոշ Շրջաններու Մէջ Ջուրի Մատակարարումը Սկսած Է

By Asbarez | Thursday, 12 June 2014

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երկու շաբթուան ամբողջական դադրեցումէ ետք, Հալէպի որոշ թաղամասերու մէջ սկսած է ջուրի մատակարարումը՝ մեծ ուրախութիւն պարգեւելով հալէպցիներուն։


«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէիսեան՝ աւելցնելով, թէ իշխանութիւնները զգուշացուցած են, որ քանի մը օր այդ ջուրը խմելու համար չօգտագործեն։

Ռէիսեանի համաձայն՝ փողոցները մարդիկ կարգի կեցած են՝ դոյլերով, շիշերով կամ տարբեր տեսակի տակառներով, ջուր ապահովելու եւ տուն տանելու համար։ Ան աւելցուցած է, որ տասնեակ քաղաքացիներ թունաւորուած են ոչ մաքուր ջուր խմելնուն պատճառով։ Մայիսի աւարտին ջուրի խողովակի պայթումէն ետք Հալէպը ամբողջովին զրկուած էր ջուրի մատակարարումէն։

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ վերջին օրերուն քաղաքին մէջ հրասանդային ռմբակոծումը համեմատաբար նուազած է: «Սակայն, օրուան տարբեր ժամերու, յատկապէս գիշերը կը շարունակուին օդային եւ հրետանային ռմբակոծումները», յայտնած է Ռէիսեան՝ աւելցնելով, որ Նոր Գիւղի հարիւրէ աւելի հայեր կը շարունակեն մնալ եկեղեցւոյ սրահներուն մէջ, ոմանք տեղափոխուած են աւելի ապահով թաղամասեր կամ իրենց հարազատներուն եւ բարեկամներուն տուները:

Ելեկտրականութեան մասին ան յայտնած է, որ օրական 6 ժամ, իսկ կարգ մը շրջաններու մէջ աւելի նուազ մատակարարում կը ստանան։


comments