Սուրիական բանակը ազատագրեց Քեսապն ու շրջակայքը

By Kantsasar | Monday, 16 June 2014





Սուրիական պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ սուրիական բանակն ու պաշտպանական ջոկատները ազատագրեցին Քեսապը։ Քեսապը վերագտաւ իր խաղաղութիւնը, երբ շրջանին մէջ սուրիական բանակին յառաջխաղացքը անցնող օրերուն աւելի լայն ծաւալ ստացաւ եւ Յունիս 14-ի երեկոյեան, սուրիական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները մուտք գործեցին Քեսապի քաղաքակեդրոն եւ հասան մինչեւ հրապարակ, ուր բարձրացուցին սուրիական դրօշը։ Քեսապը ամբողջութեամբ ազատագրուեցաւ, իսկ Թուրքիոյ հետ սահմանակէտը այժմ կը գտնուի սուրիական բանակի հսկողութեան տակ։

Սուրիական բանակը նահանջի մղելով ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները, փճացուց անոնց ռազմամթերքին մեծ մասը։

Սուրիական պետական հեռատեսիլը հաղորդեց, որ բանակի ականազերծման մասնագէտներու խումբ մը արդէն սկսած է Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերու մէջ ահաբեկիչներու կողմէ զետեղուած ականներու եւ այլ լարուած պայթուցիկ սարքերու չէզոքացման աշխատանքը։ Նահանջող ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն դիմաց թրքական սահմանապահ ուժերը փակած են սահմանը, սակայն լիբանանեան «Ալ Մայատին» կայանին համաձայն թրքական կողմը միայն օտարերկրացի զինեալ ահաբեկիչներուն թոյլատրած է փախչիլ դէպի Իսկէնտէրոն, ուրկէ անոնք պիտի ուղղուին դէպի իրենց երկիրները։




Ծովափի շտապ օգնութեան մարմնի բանբեր Կարօ Մանճիկեան յայտնեց, թէ Քեսապ մեկնած տեղացիներ հաստատած են, թէ աւանի բնակարանները, հաստատութիւններն ու հողագործական սարքերը թալանուած են։ Լուրջ վնասներ կրած են եկեղեցիներն ու մշակութային կեդրոնները։

Մարտ 21-էն ի վեր Լաթաքիա ապաստանած քեսապցիները կը սպասեն սուրիական բանակի Քեսապ աւանի ապահով շրջան յայտարարման, որպէսզի վերադառնան Քեսապ ու վերագտնեն իրենց բնականոն կեանքը։

comments