Սուտանահայ Գաղութը

By Asbarez | Monday, 16 June 2014

 

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

 

Ջարդ, կոտորած եւ տեղահանութիւն, ապա՝ Սփիւռք: Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, զոյգ Ամերիկաներ, Աւստրալիա եւ Ափրիկէ: Որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, թէ պիտի ունենայինք հայկական գաղութ մը Ափրիկէ՝ Սուտանի մէջ: Եւ ի՜նչ գաղութ: Քանակով փոքր, սակայն որակով՝ զարգացած, նիւթապէս բոլորն ալ ինքնաբաւ, քանի մը տասնեակ ընտանիք ընդամէնը:


1974, Նոր Տարուան շրջան: «Ֆայվ ֆինկըրզ» (Five Fingers) նուագախումբով հրաւիրուած ենք մէկ ամսուան համար ճոխացնելու իրենց միօրինակ կեանքը: Օդանաւը կ՛իջնէ Խարթումի օդակայանը: Քանի մը ազգայիններ եկած են մեզ դիմաւորելու: Առաջին վայրկեանէն կը զգաս իրենց ջերմ ու հարազատ մօտեցումը եւ միեւնոյն ժամանակ կը զարմանաս, երբ մեզի օդակայանէն դուրս կը հանեն քաղաքական մարդոց վերապահուած բաժինէն, առանց պայուսակները քննելու: Այս մէկը շատ մեծ նշանակութիւն ունի: Կը փաստէ, որ տեղւոյն հայերը որքան վստահութիւն ներշնչած են պետական շրջանակներու մէջ եւ որքան մօտ են պետական մարդոց:
Արդէն ուշ է: Մեզ կը հասցնեն պանդոկ՝ խոստանալով յաջորդ օրը մեզ տանիլ հայկական ակումբ: Յաջորդ առաւօտ, քանի մը ազգայիններու ընկերակցութեամբ, արդէն հասած ենք «Հրանդ մարզարան»: Իրականութեան մէջ աւելի համալիր է, քան ակումբ: Հսկայ տարածութիւն՝ օժտուած մեծ լողաւազանով, ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի դաշտերով, փոքրերու յատուկ խաղավայրով, բացօթեայ թատրոնով եւ արդիական ճաշարանով: Հողը հայութեան նուիրուած է պետութեան կողմէ: Բոլոր ազգերն ալ ունին նոյնանման համալիրներ, եւ բոլոր համալիրներուն հողը նոյնպէս նուիրուած է պետութեան կողմէ:

Սուտանահայերը մեծամասնութեամբ զարգացած, արուեստասէր եւ կեանքի մէջ յաջողած անձնաւորութիւններ են, որոնցմէ քանի մը հոգին մեծ տպաւորութիւն ձգած են վրաս:

Գալուստ Ամիրայեան. կարճահասակ, քիչ մը լեցուն, միշտ ժպտուն, չափէն աւելի կատակասէր ու սրամիտ մարդ մը: Սուտանի մեր ամբողջ կեցութեան ընթացքին մեզի հետ է անդադար: Առաջին օրէն իսկ ծրագիրներ մշակած է՝ ո՞ւր կարելի է տանիլ մեզ մեր ազատ ժամերուն: Հակառակ անոր որ վայելքի կեդրոնները հազուագիւտ են, սակայն այնքա՜ն տարբեր են աշխարհի որեւէ շրջանէ: Գիշերային վայրերը մատի վրայ կը համրուին, շարժապատկերի սրահները բացօթեայ՝ հեղձուցիչ տաքին պատճառով: Գալուստ Ամիրայեան ճիգ չի խնայեր իր ժամանակին մեծ մասը մեզի հետ անցընելու: Գէշ կը զգանք, գիտենք, որ գործը երեսի վրայ ձգած՝ միակ մտահոգութիւնը մեզ առանձին չձգել է: «Պայման չէ, որ գործիս գլուխը ըլլամ», կը պատասխանէ: «Ան իր ճամբան բռնած՝ հեշտութեամբ կը յառաջանայ»: Չենք ալ գիտեր՝ ի՛նչ գործով կը զբաղի, միայն մէկ բան յստակ է. ամէն Հինգշաբթի երեկոյեան ո՛չ ակումբ կը հանդիպի, ո՛չ ալ մեզի հետ կանցընէ ի՛ր ժամանակը: Սուտանահայերը գիտեն, թէ ան ուր կը գտնուի: Այդ ժամանակուան հանրապետութեան նախագահի «փոքեր»ի խաղընկերն է:

Վարուժան Չիրքինեան. երկարահասակ, թուխ դէմքով, սակաւախօս, սակայն բոլոր սուտանահայերուն նման ծառայասէր, յաջողած գործատէր մըն է: Կօշիկի իր գործարանը ո՛չ միայն Սուտանի, այլ չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, թէ ամբողջ Ափրիկէի ամէնէն նշանաւորներէն մէկն է: Կը պատրաստեն մեծաքանակ մարզական կօշիկներ, այդ ժամանակ Լիբանանի«Պաթա» վաճառատան կօշիկները պատրաստուած էին Չիրքինեան եղբայրներու հսկայ գործարանին մէջ: Խարթում բնակող ոեւէ հայ մտահոգութիւն չունի գործ փնտռելու: Անվարան կը դիմէ Չիրքինեան եղբայրներուն եւ նոյն օրն իսկ արդէն ընդունուած է գործի, տեղացի գործաւորներէն շատ աւելի բարձր վարձատրութեամբ: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ Չիրքինեան եղբայրներուն ազնուական մայրը: Շաբաթը քանի մը անգամ կը հրաւիրէ մեզ իր տունը եւ հարազատ մօր մը նման կը գուրգուրայ մեր վրայ, իսկ Նոր Տարուան գիշերը, երբ ժամը 12 կը հնչէ, եւ ամէն մարդ կ՛ողջագուրուի իր ընտանիքի անդամներուն հետ, տիկին Չիրքինեան բեմ կը վազէ, եւ «Ես ալ ձեր մաման եմ» ըսելով՝ կ՛ողջագուրուի մեզի հետ, զգալով, որ մեր ընտանիքները ձգած՝ Նոր Տարին կը դիմաւորենք մեր հարազատներէն հազարաւոր մղոններ հեռու, Ափրիկէի մէջ:

Կարօ Վանեան. թուխ դէմքով անձ մը, որ հանրածանօթ է ո՛չ միայն Սուտանի, այլ նաեւ Անգլիոյ Լոնտոն քաղաքին մէջ: Ձիարշաւի ամէնէն նշանաւոր ձիերը իրեն կը պատկանին: Բոլոր ձիերուն տուած է հայկական անուններ՝ «Արարատ», «Մասիս», «Հայաստան», եւ ձիերուն կռնակին վրայ միշտ կարելի է տեսնել եռագոյն ծածկոց մը: Սակաւախօս է, եւ երբ հետդ խօսի, կարծես կը քաշուի երեսիդ նայելու, հայեացքը միշտ գետին է:

Արշօ անունով երիտասարդ օրիորդ մը Սուտանի Խարթում քաղաքի ամէնէն նշանաւոր վարսայարդարն է, եւ պետական մարդոց կիները իր վարսատունը կը յաճախեն: Արշօ անունը յանկարծ դէպք մը յիշեցուց ինծի: Մանկութեանս Ճեմարանին մէջ ունեցած եմ դասընկերուհի մը Արշօ անունով, որ Սուտանէն եկած էր: Օր մը հայերէնի պահը կէս ձգելով՝ ուզեց պալէի դասի երթալ: Տակաւին աչքիս առջեւն է պարոն Եփրեմին ջղայնութիւնը: «Դուն որ Սուտանէն մինչեւ հոս եկած ես հայերէն սորվելու, հայերէնի պահը կէս ձգելով՝ կը նախըտրես պալէի դասի երթալ, գնա՛, ուզածդ ըրէ»: Օր մը Արշոյին հարցուցի. «Պզտիկուց ակնոց կը գործածէի՞ր», «Այո», պատասխանեց: «Պալէ կ՛ընէի՞ր», »Այո»: «Պէյրութ Ճեմարան յաճախա՞ծ ես», «Այո, բայց այս բոլորը ուրկէ՞ գիտես», հարցուց զարմացած: «Դասընկերներ եղած ենք», ըսի եւ պատմեցի վերը յիշած դէպքս: Յուզուած ողջագուրուեցաք: Սկսած էր արցունքները սրբելու: Ներկաները զարմացած՝ մէկ Արշոյին կը նայէին, մէկ ինծի, առանց հասկնալու մեր յուզումին պատճառը: Անոնք, որոնք Ճեմարան յաճախած են, շատ աւելի լաւ կը հասկնան մեր յուզումին պատճառը: Ճեմարանի դասընկերները իրարու այնքան մօտ են, կարծես հարազատներ ըլլան:

Գօգօ անունով ուրիշ սակաւախօս անձ մը, որուն մականունը չկրցայ յիշել, կը զբաղի ամերիկացի եւ եւրոպացի զբօսաշրջիկներ վայրի անասուններու որսորդութեան տանելով: Զբօսաշրջիկները հեռուէն միայն կը դիտեն արհեստավարժ սուտանցի որսորդներուն «քաջագործութիւնները»: Գօգոյին տարիքը հազիւ երեսուն կը թուի ըլլալ, սակայն երիտասարդ տարիքին մազերը ամբողջութեամբ ճերմկած են, եւ այդ պատահած է մէկ օրուան մէջ: Պզտիկ փակագիծ մը: Փիղ որսալը ունի իր իւրայատուկ ոճը: Միայն մէկ գնդակ ճիշդ ճակտէն՝ եւ արդէն փիղը անկենդան կը փռուի գետին, իսկ ձախող կրակոցի մը պարագային՝ վայրկենական տասնեակ մը փիղեր կու գան օգնութեան: Գօգօ կը պատմէ, թէ փիղերու ձախող որսորդութեան մը ժամանակ կը նշմարէ տասնեակ մը փիղերու արշաւը իր վրայ: Վախէն՝ անգիտակցաբար, փամփուշտ մը օդը կը կրակէ, ու վայրկենական առաջին շարքի փիղը ուղղութիւնը կը փոխէ, անոր կը հետեւին մնացածները: Հրաշքով ազատած էր: «Տուն վերադարձիս, երբ հայելիին նայեցայ, նշմարեցի, թէ վախէս մազերս ամբողջութեամբ ճերմկած էին»: Գօգօն անգամ մը մեզ տարաւ Սուտանի անտառները: Հեռուէն միայն վայելեցինք վայրի անասունները: Ոչ մէկ գնդակ անասուններուն ուղղութեամբ: Զմայլեցանք անոնց տեսքով: Չտեսանք անոնց սպաննուիլն ու գետին փռուիլը, որովհետեւ որսորդութեան չէինք գացած:

Մեր Սուտան ժամանման առաջին օրն էր: Գաղութի հայերը հաւաքուեցան շուրջերնիս՝ հարցումներու տարափով: «Ծնողներդ որտեղացի՞ են», «Լիբանան ազգական մը ունիմ, այսինչեաններուն ծանօ՞թ էք» եւ այլն, ապա կամաց-կամաց ցրուեցան: Երբ ամէնքը հեռացան, քիչ մը հեռու կեցած սեւամորթ մը մօտեցաւ եւ մաքուր հայերէնով սկսաւ խօսելու մեզի հետ: Երբ զարմացած իրարու նայեցանք, «Ինչո՞ւ կը զարմանաք», ըսաւ, »գոյնս սեւ է ըսելով՝ հայ ըլլալու իրաւունք չունի՞մ»: Մեզի հարցուց, թէ ի՛նչ լեզուներով կ՛երգենք: Շարեցինք այդ լեզուները, որ կ՛երգենք: «Թրքերէն ալ չէ՞ք երգեր», հարցուց ամենայն լրջութեամբ:«Ո՛չ, ո՛չ« բացագանչեցինք միաբերան: «Ինչո՞ւ, ի՞նչ վնաս ունի, թրքերէն շատ անուշ երգեր կան»: «Ոչ, անկարելի է, թրքերէն չենք երգեր», պատասխանեցինք, մինչ այդ արդէն սկսեր էինք նեղութիւն զգալ իր ներկայութենէն: Յանկարծ լրջացաւ: «Ես ձեզի փորձեցի, եթէ թրքերէն երգէիք, ձեզի մէկ վայրկեան հոս չէի ձգեր», ըսաւ եւ հայերէն երգ մը սկսաւ մրթմրթալու, մինչ այդ արցունքները սկսան առատօրէն հոսելու աչքերէն ու հեռացաւ գլխիկոր: Յետագային տեղեկացանք, թէ ծնողներէն մէկը հայ եղած է, սակայն հայերը շատ երես չեն տուած: Ուզած է հայու հետ ամուսնանալ, բայց բոլոր հայ աղջիկները մերժած են իր ամուսնութեան առաջարկը: Ստիպուած՝ ամուսնացած է սեւամորթի մը հետ, բայց կարճ ժամանակ ետք ան լքած է զինք. անկէ ետք դարձած է գինեմոլ:

Սուտանահայութեան միակ աղքատ հայն էր:

Սուտանահայութեան ապրելակերպը բոլորովին տարբեր է ուրիշ որեւէ հայկական գաղութէ: Շատ փոքր գաղութ մը ըլլալուն՝ բոլորը իրարու ծանօթ են անխտիր: Ըստ Սուտանի սովորութեան, կէսօրուան ճաշի դադարը չափազանց երկար է, մօտաւորապէս՝ 4 ժամ, ապա քանի մը ժամ վաճառատուները ետ կը բացուին ու երեկոյեան ժամը 8էն ետք կարծես կեանքը նոր կը սկսի: Իրարու տուն չեն այցելեր: Գաղութի հայերուն 99 տոկոսը «Հրանդ մարզարան»ն է ամէն գիշեր: Տունը ճաշ պատրաստելու սովորութիւն չունին: Համալիրը օժտուած է արդիական խոհանոցով: Շատեր նոյնիսկ կէսօրուան ճաշի համար կը նախընտրեն գալ եւ վայելել ամէնէն նշանաւոր ճաշարաններու համազօր ճաշեր, սակայն երեկոյեան՝ անպայման: Ունին մասնաւոր սրահ, ուր ուսանողները առանց խանգարուելու կրնան իրենց դասերը պատրաստել: Փոքրերը ունին յարմար խաղավայր: Աւելի տարեցները կը զբաղին թուղթ կամ նարտի խաղալով, իսկ իգական սեռը իրարու քով հաւաքուած՝ շատ հաւանաբար նորաձեւութեան կամ այլ նիւթերու շուրջ կը խօսակցին: Ունին մէկ հատիկ հայկական վարժարան, սակայն դժբախտաբար՝ միայն նախակրթարան: Գաղութը օժտուած է հայկական եկեղեցիով: Բնաւ տեղեակ չեմ առաջնորդարանի մը գոյութենէն: Համալիրի բացօթեայ թատրոնին մէջ երբեմն կը ներկայացնեն փոքրիկ թատերախաղեր, ընդհանրապէս կատակերգութիւններ: Կուսակցական վէճեր բնաւ տեղի չեն ունեցած ոչ ալ կ՛ունենան, քանի որ գաղափար չունին որեւէ հայկական կուսակցութենէ: Եղած եմ տարբեր հայկական գաղութներու մէջ եւ կը կարծեմ, թէ ամէնէն համերաշխ գաղութն է, որուն հանդիպած եմ:

Ամրան չոր ու տաք եղանակին գաղութը գրեթէ կ՛ամայանայ: Մեծամասնութեամբ կը ճամբորդեն եւրոպական երկիրներ, յատկապէս՝ Անգլիա, Լոնտոն: Գրեթէ բոլորը իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն Անգլիա, եւ միայն երկրորդականի ուսումով գոհացողները հազուագիւտ են:

Մեր մէկ ամսուան համաձայնութեան թուականի աւարտին ողջերթի հսկայ սեղան մը շտկեցին: Ներկայ էր ամբողջ սուտանահայութիւնը: Թռիչքը կէս գիշերին էր: Բոլորը սպասեցին մինչեւ մեր օդակայան մեկնիլը, ողջագուրուելով՝ բարի ճանապարհ մաղթեցին ու մեկնեցան իրենց տուները: Քանի մը ազգայիններ հասցուցին մեզ օդակայան՝ բերանացի պայմանաւորուելով, որ յաջորդ տարի դարձեալ Նոր Տարուան շրջանին վերադառնանք:

Յաջորդ տարի վերադարձանք: Սակայն մեծ դժուարութիւններու հանդիպեցանք Լիբանան վերադառնալու: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենագէշ օրերն էին: Մեր համաձայնութիւնը դարձեալ մէկ ամսուան համար էր, սակայն նոյն շրջանին Պէյրութի օդակայանը գոց մնաց ամիսներով: Սուտանահայութիւնը մէկ մարդու նման տէր կանգնեցաւ մեզի եւ առաջարկեցին, որ հոն մնանք, որքան որ կամենանք: Երեք ամիս ետք վերադարձանք Լիբանան, սակայն խումբի անդամներս մէկ առ մէկ գաղթեցինք Լիբանանէն տարբեր երկիրներ: Սուտանահայ գաղութը նոյնպէս ապրեցաւ դժուար օրեր քաղաքական փոփոխութիւններու պատճառով: Փոքրաթիւ այդ հիանալի գաղութէն այսօր քանի մը ընտանիք միայն մնացած է: Քանի մը հոգիի պատահմամբ հանդիպեցայ Լոս Աճելըսի մէջ, սակայն մնացածը… Աստուած գիտէ՝ աշխարհի ո՞ր անկիւնն են:

Հայկական գաղութ մը եւս կորսուեցաւ:


comments

Advertisement