Ազատագրուած Քեսապի մէջ Սուրիական բանակը սկսաւ ականազերծման աշխատանքներու

By Asbarez | Monday, 16 June 2014

 

Յունիս 15ին, սուրիական պետական «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը յայտնեց, թէ Քեսապը ամբողջութեամբ ազատագրուած է, իսկ Թուրքիոյ հետ սահմանակէտը կը գտնուի սուրիական բանակի հսկողութեան տակ:


Արաբական լրատուական աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ Reuters, AFP, Xinhua եւ այլ միջազգային լրատուական գործակալութիւններ անդրադարձան լուրին:
Սուրիական պետական հեռատեսիլը հաղորդեց, որ բանակի ականազերծման մասնագէտներու խումբ մը արդէն սկսած է Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերու մէջ ահաբեկիչներու կողմէ զետեղուած ականներու եւ այլ լարուած պայթուցիկ սարքերու չէզոքացման աշխատանքը:

Նշենք, որ սուրիական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները Քեսապի քաղաքակեդրոն մուտք գործեցին Յունիս 14ի երեկոյեան ժամը 9:30ին:

Ժապհաթ Նուսրան եւ այլ զինեալ խմբաւորումներ նահանջեցին Քեսապէն, սակայն թրքական ուժերը փակեցին դէպի Թուրքիա անոնց նահանջի ճամբաները եւ չարտօնեցին մուտք գործել Թուրքիա: Զինեալները ստիպուեցան ուղղուիլ դէպի արեւելք՝ Իտլիպի գիւղական շրջանները:

Սուրիոյ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ յայտարարելով. «Քեսապ քաղաքին մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնուած են»:

 


Բանակը քաղաքին մերձակայ պարտէզներուն մէջ ականներ վնասազերծեց:

Ըստ «Մայատին»ի Քեսապի շրջանին 90 առ հարիւրը կը գտնուի բանակին վերահսկողութեան տակ, եւ զինեալներուն տիրապետութեան տակ կը մնան Սալման եւ քանի մը այլ շրջաններ:

 

 


comments