By Asbarez | Tuesday, 17 June 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան 17 Յունիսին հանդիպում ունեցած է Հալէպի նահանգապետ Մոհամէտ Ուահիտ Աքքատի հետ:
Շնորհաւորելով Տիգրան Գէորգեանը՝ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնին վրայ նշանակուելուն առիթով՝ Հալէպի նահանգապետը յաջողութիւն մաղթած է անոր՝ իր գործունէութեան մէջ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորանքին եւ ընդունելութեան համար՝ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը կարեւոր նկատած է գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ նահանգային իշխանութիւններուն միջեւ աւանդական դարձած արդիւնաւէտ համագործակցութեան շարունակութիւնը:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան, նահանգի ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղիներուն վերաբերեալ:
Ընդգծելով Սուրիոյ հասարակական կեանքին մէջ հայ համայնքին ունեցած կարեւորագոյն դերակատարութիւնը՝ զրուցակիցները անդրադարձած են ստեղծուած կացութեան մէջ Հալէպի հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն:
Հանդիպման ընթացքին Մոհամէտ Վահիտ Աքքատ Տիգրան Գէորգեանին ներկայացուցած է նաեւ նահանգի մարդասիրական կացութեան բարելաւման նպատակով առնուած քայլերը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan